ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 5, 2020

Արցախի Արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութիւնը յայտնեց որ, կը հրետակոծուին Բերձոր և Շուշի քաղաքները` յարակից բնակավայրերով, տուժածներու մասին տուեալներ չկան։ Գիշերը ճակատային գիծի բոլոր ուղղություններուն յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է:

Թշնամական ուժերը առանձնակի աշխուժութիւն դրսեւորած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան ու հարաւային ուղղութիւններուն վրայ: Հակառակորդի գրոհային խումբերուն կողմէ ձեռնարկուած բազմակի գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէն յաջողութեամբ կասեցուած են: Թշնամին ունեցած է մարդկային ուժի և զին-սարքերու լուրջ կորուստներ:

Հակառակորդը երկու գրոհային խումբերու կազմով յարձակման փորձ ձեռնարկած է նաև հիւսիսային հատուածին վրայ, որոնք ժամանակին ոչնչացուած են բանակային ստորաբաժանումներուն կողմէ: Օրուան ընթացքին Արցախի խաղաղ բնակավայրերը կը շարունակեն մնալ թշնամական ուժերու հրթիռահրետանային կրակի թիրախային գօտիին: Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկուի ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէն:

Կարդացեք նաև

Back to top button