ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 6, 2020

Այսօր պատերազմի 10-րդ օրն է: Սահմանէն ստացած վերջին տեղեկութիւնը կը յայտնէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ առաջնագիծին գիշերը յարաբերական կայուն վիճակը պահպանուած է:

«Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն և արհեստավարժ կերպով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Պատերազմական իրավիճակին յատուկ պայմաններուն արդիւնաւէտ կը գործեն նաեւ պետական կառավարման բոլոր օղակները: Թէ՛ թիկունքին, թէ՛ առաջնագիծին բոլորը քաջ կը գիտակցին իրենց ընելիքները:

Ամէն ինչ կը գտնուի իմ անմիջական ու լիարժէք վերահսկողութեյան ու համակարգման ներքո: Յաղթանակը մերն է, վստա՛հ եղէք»,- գրած է Արցախի նախագահը։

Կարդացեք նաև

Back to top button