
Հայաստանի կառավարութիւնը Յուլիս 30, 2020-ին որոշում ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնին տրամադրել հողամաս մը Տաւուշի մարզին մէջ Բերդ համայնքին համար ԹՈՒՄՕ տուփիկ տեղադրելու․ սա ԹՈՒՄՕ -ի նոր շարժական ձեւն է, որ հասանելի կը դարձնէ ԹՈՒՄՕ-ն Հայաստանի մարզերուն, նոյնիսկ ամէնէն հեռաւոր սահմանամերձ գիւղերուն մէջ։
Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանն է․ «Այս մէկը առաջին մեր ԹՈՒՄՕ տուփիկի մէջ ձեռնարկն է: Այս ձեւը յատուկ ընտրեցինք սահմանամերձ Բերդի պատանիներուն, որոնց հետ աշխատած էինք՝ զիրենք բերելով Դիլիջանի կեդրոն, հեռաւորութեան հարցը սակայն պատճառ հանդիսացաւ նոր ձեւաչափի․ տուփիկ ԹՈՒՄՕ-ն, որ կը ներկայանայ իբրեւ փոքր ԹՈՒՄՕ գիւղերուն եւ հեռաւոր համայնքներուն մէջ։ Ունինք 12 մեծ կեդրոններ եւ 100 փոքր տուփիկ ԹՈՒՄՕ-ներ»։

Տիկին Փափազեան յայտնեց, որ թէեւ աշակերտներու միջեւ ֆիզիքական շփումը շատ կարեւոր է ընկերային առումով, սակայն հեռավար ուսուցման տուեալ պարագային ինքնուսուցումը կը կատարուի տուփիկներուն մէջ, որոնք կապուած կ՛ըլլան հիմնական կեդրոններուն։
«Այդ համայնքները, որոնք չեն կրնար ապահովել մօտաւորապէս 2000 աշակերտութիւն, պիտի ունենան տուփիկ ԹՈՒՄՕ -ներ, Դիլիջանի պարագային 2000-էն աւելի աշակերտութիւնը կ՛ապահովէ իր շուրջի գիւղերը, Բերդը պիտի կապուի Դիլիջանին , պիտի ունենանք տուփիկ ԹՈՒՄՕ-ներ նաեւ Հայաստանի հարաւը՝ Կապանի կամ Գորիսի մէջ, իսկ Արցախի մէջ նախատեսուած է 10-12 տուփիկ հիմնել՝ Ստեփանակերտը ըլլալով կեդրոն ։ Հրազդանի եւ Սեւանի պարագան աւելի մեծ ձեւաչափերով է տուփիկները»։

Շատ հետաքրքրական լուր մը եւս տուաւ տիկին Փափազեան, թէ Ջաւախքի մէջ, համագործակցաբար ՀՕՄ-ի հետ, նոյնպէս պիտի հիմնուի ԹՈՒՄՕ եւ պիտի կապուի Կիւմրիի կեդրոնին հետ։ «Համաշխարհային տարբեր կեդրոններ ըլլայ Գերմանիան, ըլլայ Ֆրանսան, նոյնպէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին այս գաղափարի շուրջ եւ շատ հաւանական է , որ Փարիզի արուարձաններուն մէջ նոյնպէս հիմնուի տուփիկ ԹՈՒՄՕ-ներ»։

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը ներկայ ամրան շրջանին Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչ պատանիներուն համար կազմակերպած է մասնաւոր ճամբար մը, որուն շուրջ 90 հոգի մասնակցութիւն բերած է։ 2020-ի ճամբարը սկսած է նոր ձեւաչափով մը՝ Տաւուշի, Լոռիի, Շիրակի եւ Սիւնիքի սահմանամերձ համայնքներու շուրջ 90 պատանիներ միացած են ծրագրին՝ հեռավար դրութեամբ: Ծրագիրը պատանիներուն կարելիութիւն կ՚ընձեռէ երեք շաբաթ ԹՈՒՄՕ-ցի դառնալու ու ծանօթանալու ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրի ուղղութիւններուն՝ մարդամեքենաներու ծրագրաւորումէն եւ շինութենէն մինչեւ կենդանի պատկերաշարերու պատրաստութիւն: Թեքնիկ խնդիրները կանխատեսելով՝ ԹՈՒՄՕ-ն մասնակիցներուն տրամադրած է անհրաժեշտ համակարգիչներ: Այս մասին յայտնեց ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէնը։

ԹՈՒՄՕ-ի ճամբարը կը գործէ 2012-էն ի վեր՝ թէ՛ Հայաստանի հեռաւոր բնակավայրերէն եւ թէ՛ աշխարհի 40 երկիրներէ աւելի քան 1500 պատանիներու համար ապահովելով կրթական եւ ժամանցի իւրայատուկ համադրութեամբ ծրագիր մը: Ամառուան ամիսները Հայաստան անցընելով՝ մասնակիցները ոչ միայն կը հմտանան ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրի ոլորտներուն մէջ, այլեւ կ՚այցելեն երկրի գեղատեսիլ վայրերը, ընկերներ կ՚ունենան եւ լաւ մըն ալ կը զուարճանան:
Տնօրէնը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր տուփիկի գինը կ՛արժէ 60 հազար տոլարի շուրջ, հետեւաբար յառաջիկայ ծրագիրները իրականացնելու համար կեդրոնը կարիքն ունի բարերարներու։




