Այսօր Հայաստանի Սահմանադրութեան տօնն է, Արևմտահայերէն լուրերու ունկնդիրներուս կը ներկայացնեմ յատուկ հացազրոյց Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ:
Ստեղծել այն Հայաստանը, որ բոլորը ապահով զգան. Զարեհ Սինանեանի բացառիկ հարցազրոյցը
Անի Զէյթունցեան
«Ռատիօլուր»
Սփիւռքը լաւ հասկնալէն ետք կարող ենք լաւ լուծումներ առաջարկել և՛ սփիւռքեան խնդիրներուն և՛ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտ նախապայմաններ ստեղծելու համար, ըսաւ սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
Հայրենադարձութեան մասին այսօր իրավիճակը տարբեր է առնուազն բարոյահոգեբաանական մթնոլորտը փոխուած է, համակարգային կաշառակերութիւն գոյութիւն չունի, ուր գործադիր և օրէնսդիր մարմինները ընտրուած են ազատ ժողովրդային ընտրութիւններու արդիւնքով: Ըստ սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Սինանեանի՝ մենք բռնած ենք այն ուղին, որ մեզ հասցնելու է կէտի մը որտեղ և՛ Հայաստանցին պիտի չուզէ հեռանալ, և՛ մենք կարողանալու ենք այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ դուրսի հայերը ուզեն ապրիլ Հայաստանի մէջ:
«Մեր տեսլականը՝ յաջորդ 5-10 տարուան, ստեղծենք Հայաստան մը , որ բոլորը ապահով զգան, ամէն հայ զգայ , որ իր վերջին հանգրուանը Հայաստանն է»,- հարցազրոյցին ըսաւ Սինանեան:
Ան շեշտեց, թէ կարևորը հայերէն խօսիլն է. ցանկացած մարդ, որ հայեցի կրթութիւն ստացած է, պէտք է որևէ դժուարութիւն չունենայ երկու լեզուներուն միջև:
Սինանեան աւելցուց նաև, թէ մեր աւանդական գաղթօճախները կամաց- կամաց կը մաշին ու կը սփռուին արևմտեան աշխարհի մէջ, և լեզուն կ՛անհետանայ:
«Այո արևմտահայերէնը կարևոր լեզու է»,- ըսաւ Զարեհ Սինանեան:




