Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 14 Յունուար. 2025

Միրզոյեան եւ Պլինքըն այսօր պիտի ստորագրեն Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթը։ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով, Յասմիկ Տոլմաճեանը նշանակուած է Զուիցերիոյ մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Մեզի համար Իրանը եղած է եւ կը մնայ առանձնայատուկ գործընկեր. Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ։ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ղեկավարը կրնայ նշանակուիլ Լիբանանի վարչապետ։ Լոս Անճելըսի մէջ անտառային հրդեհները 250 միլիառ տոլարի վնաս պատճառած են։

Կարդացեք նաև

Back to top button