Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 10 Փետրուար. 2023

Հայ փրկարարները Թուրքիոյ մէջ փլատակներու տակէն փոքրիկ աղջնակ մը փրկած են, իսկ Սուրիոյ մէջ , Հալէպ քաղաքի Ալ-Շաար թաղամասի փլատակներէն հայ փրկարարներուն մասնակցութեամբ կարելի եղած է փրկել չորս մարդու կեանք։ Կը յայտնեն սուրիական լրատուամիջոցները՝ հրապարակելով նաեւ տեսանիւթ։ Ամերիկայի վարչակազմը յայտարարեց երկրաշարժէն տուժած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ 85 մլն․ տոլարի արտակարգ մարդասիրական օգնութիւն յատկացնելու մասին: Կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ամերիկայի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) յայտարարութիւնը։ Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պատրաստեց նոր զեկոյց մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի տարածքէն, կ՛ընդգծէ, որ խաղաղութեան որեւէ պայմանագիր պէտք է ներառէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը։

Կարդացեք նաև

Back to top button