ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 19. 2022

Արդէն ութերորդ օրն է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան փակ է ՝ Ատրպէյճանի կողմէն: Շուշիի հատուածին միջանցքը փակած ատրպէյճանցիները իբրեւ անկախ բնապահպաններ, ճամբուն մէջտեղը վրաններ տեղադրած են։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը: Նիստին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստին հարցերու լայն շրջանակ կը քննարկուի տարածաշրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:

Փոխվարչապետի պաշտօնին կը նշանակուի Տիգրան Խաչատրեան, որը մինչ այժմ կը զբաղեցնէր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը: Իսկ Ելեւմուտքի նախարար կը նշանակուի Վահէ Յովհաննիսեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button