
Ութը հայ ռազմագերիներ վերադարձան հայրենիք։ 4 Փետրուարին տեղի ունեցած հեռավար հանդիպման արդիւնքներով՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ 8 հայ ռազմագերիներ վերադարձան հայրենիք։ Կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Հունանեան։
Միացեալ Թագաւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած չի համարեր եւ խնդիրը կ՛ուզէ լուծուած տեսնել համապարփակ խաղաղ կարգաւորման միջոցով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ ընդունուած հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ: Յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանդայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ճօն Կալակեր։
2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուող շրջանին մէջ, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2022։ «Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը հաստատուած է 2017ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։




