
Օգոստոս 11-ի՝ առաւօտեան թշնամին հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած է Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան Բանակը:
Միջադէպի առնչութեամբ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ փաստեր տրամադրուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը հետաքննէ Օգոստոս 9-ին Շուշիի մօտակայքը Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած փոխ հրաձգութեան մանրամասները:
Կը յայտնէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն կոչ ըրաւ զսպուածութիւն ցուցաբերել, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներուն հրահանգեց չարձագանգել սադրանքներուն:




