ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 28, 2020

Առաւօտեան ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանը նորէն կրակած է ։ Աւետարանոցի ձորակին մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած։ Իսկ բերդաքաղաք Շուշին այսօր կրկին թիրախաւորուած է։ Բարեբախտաբար, տուժածներ չկան։ Տեղային նշանակութեան մարտերը կ’ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով: «Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները կը շարունակեն հակառակորդի ներթափանցող խումբերու ոչնչացման գործողութիւնները»,-կը նշեն Պաշտպանութեան Բանակէն:

Արցախ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին՝ գիշերուան ընթացքին պահպանուած է յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւն: Երեկոյեան թշնամին շարունակած է հրետակոծել խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս թիրախաւորուած էին Մարտունին, Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը:

Back to top button