
• Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ներկայացնել ժողովուրդին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը։
• Հայաստանի եւ Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցած են։
• Արմէն Գրիգորեան Յունաստանի մէջ պիտի մասնակցի «Տելֆի տնտեսական համաժողովին»։
• Իրանի հետ բանակցութիւններու երկրորդ շրջանին եւս Ամերիկայի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ փոխ նախագահ Վենս։
• Իրան չի քննարկեր հարստացուած ուրանը երկրէն դուրս բերելու հարցը. Tasnim։
• Իսրայէլ խոստովանած է, որ իր զինուորը կոտրած է Յիսուսի արձանը Լիբանանի մէջ։
• Իսրայէլի եւ Լիբանանի բանակցութիւններու երկրորդ շրջանը պիտի կայանայ 23 Ապրիլին. լրատուամիջոցներ։





