
• Սերտար Քըլըչ Հայաստան ժամանեց. Մարգարայի անցակէտին քով զայն դիմաւորած է Ռուբէն Ռուբինեանը։
• Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ ղեկավարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելեց։
• Ամերիկան մտադիր է Հայաստանին տրամադրել 145 միլիոն տոլար աջակցութիւն։
• Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահը պաշտօնական այցով Չինաստան մեկնած է։
• ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները դատապարտեցին Տոհային հասցուած հարուածները։
• Ամերիկայի մէջ 100 000 տոլար պարգեւ խոստացած են Չարլի Քըրքի սպաննութեան կասկածեալի մասին տեղեկութիւններուն։
• Կլենտէյլի քաղաքապետարանը կ՛ուսումնասիրէ դպրոցներէն ներս արեւմտահայերէնի դասաւանդման հնարաւորութիւնը։





