
• Հայաստանի վարչապետը տիկնոջ հետ Թիենցինէն Պէյճինք մեկնած է։
• Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովը ամփոփիչ հռչակագիր մը ընդունեց. ինչ շեշտադրումներ ըրած են անդամ երկիրներուն առաջնորդները։
• ԵԱՀԿ գործող նախագահն ու գլխաւոր քարտուղարը ողջունած են Մինսքի գործընթացին դադրեցումը։
• 5 հազար տոլար կանխիկ, 1 տարուան սնունդի, 4 տարուան բնակարանի ծախս Կազան լքելու համար. ամերիկեան ծրագիրի մանրամասնութիւնները։
• Մեծ Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է Պաղեստինը ճանչնալու ծրագիրը։
• Հայաստանի Կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմանկրթութեան նախարարութիւնը կը հրաւիրէ երիտասարդները մասնակցելու ամենամեայ երիտասարդական համաժողովին։





