
• Կառավարութիւնը կը շարունակէ անյայտ կորած զինծառայողներու ընտանիքներուն ընկերային աջակցութիւն տրամադրել ։
• Պարոյր Յովհաննիսեան ընտրուած է ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի 2026 թուականի նստաշրջանին փոխ նախագահ։
• Ամերիկայի նախագահին յատուկ բանագնացը Իսրայէլ մեկնած է։
• Լաւրով ընդունեց Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարը։
• Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան մրցումները աւարտեց 6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներով։
• Երկրաշարժ՝ Մարտունի քաղաքէն 6 քմ․դէպի հիւսիս-արեւմուտք։





