ԿարևորՀասարակություն

Հայաստանի մէջ ամէն մարդ, իր երկիրը ըլլալուն համար, աւելի ազատ է. կ’ըսէ «Դասընկեր» հարթակին հիմնադիրը

Անի Զէյթունցեան
Ռատիօ լուր

«Դասընկեր» կամաւորական հարթակը ստեղծած է Լոռի Սիւզմէն, ան այս ծրագիրով կը կապէ հայկական վարժարաններու աշակերտները օգնելու եւ իրար մօտեցնելու համար։

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը անդրադարձած է Լոռիի ծրագիրին եւ յօդուածով մը հանդէս եկած՝ թերթին մէջ։ Այս խոստումնալից մանկամարդուհին ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրով առաջին հինգին մէջ տեղ գտած է համաշխարհային պաքալորիայի ծիրէն ներս։

«Հայկական բան մը ընել եւ հայերէնին վրայ կեդրոնանալը իմ գաղափարս էր․հիմա 14 կամաւոր եւ 41 աշակերտ ունինք,  մեծ խումբերով աշխատիլը դժուար է, մեծ օգնութիւնն ալ եղած է Գարակէօզեանի տնօրէնութեան կողմէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է Լոռի։ Պոլսոյ հայ համայնքը կը փոքրանայ եւ շատ մը հայ երիտասարդներ հայերէն լեզուի օժանդակութիւն եւ հայ մշակոյթի հետ կապ հաստատելու կարիքն ունին»,- կ՛ըսէ Լոռի։

Լոռին յաճախ կ՛այցելէ Հայաստան։ Ան նշմարած է, թէ Հայաստանի երիտասարդները շատ հանգիստ կը խօսին, մինչդեռ Պոլսոյ մէջ երտասարդները աւելի վախկոտ կը խօսին։ Ըստ Լոռիին՝ պատճառը  փոքրամասնութիւն ըլլալով մեծնալն է, ամէն խօսածէն առաջ պէտք է խորհիլ, իսկ Հայաստանի մէջ ամէն մարդ, իր երկիրը ըլլալուն համար, աւելի ազատ է։

Լոռի իր ընտանիքէն ներս հայրենախօսութեան պատճառը կ՛ուզէ համարել Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութենէն շրջանաւարտ եղած իր մեծ մօր ու մեծ հօր մեծ ազդեցութիւնը։ Այստեղ յուշեմ, թէ Լոռիին մեծ հայրը՝ Տիգրան Ալթուն, նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ օդային հաղորդակցութեան հաստատման գործին մէջ. 1990-ականներուն նախաձեռնելով Երեւան-Պոլիս ուղիղ թռիչքները՝ մինչ օրս կը մնայ երկու երկիրներուն միջեւ «միակ բաց դուռը» ։ Լոռիին մեծ մայրը՝ տիկին Շնորհիկ Ալթունն ալ իր յատուկ կեանքի պատմութեամբ՝  Հաճընէն մինչեւԿիպրոս, ապա Պէյրութէն՝ Լոնտոն եւ յետոյ Պոլիս ապրիլը տարբեր լեզուներ իմանալը ․․այս բոլորը մեծ դեր ունեցած են Լոռիի կեանքին մէջ։

«3 տարի Հայաստան ճամբար գացի, հայութեան հանդէպ տեսակէտս փոխուեցաւ։ Սորվեցայ որչափ լայն է հայութիւնը, Հայաստան երթամ կը հանգստանամ»,- կ՛ըսէ Լոռին։

Ան գիտական փորձարկումներ ընելու հետաքրքրութիւն ունի, նաեւ կը սիրէ լսել իր արմատներու մասին։ Ան դաշնամուր կը նուագէ եւ կը սիրէ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը։

Մենք այս առիթը պատեհ համարելով կ՛ուզենք շնորհաւորել այս տեսակի երիտասարդները , որոնք նորարար միտք ունին եւ կ՛ուզեն օգնել իրենց հասակակիցներուն։

Կարդացեք նաև

Back to top button