ԿարևորՄիջազգային

Թուրքիա ամենակարեւոր արտաքին ուժն է, որ կը հովանաւորէ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները . Վիգէն Չըթըրեան

Սուրիոյ ծովեզերեայ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի շրջանները նախկին նախագահին աջակցող զինեալներուն եւ կառավարութեան ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են։ Սուրիայէն եկած տեսանիւթերը անտանելի են։ Ձերբակալուած եւ խոշտանգուած խաղաղ բնակիչներ, տասնեակ սպաննուած եւ փողոցի անկիւնը լքուած մարմիններ, ուղղաթիռները անխտիր ռումբեր կը նետեն, զինուած մարդիկ կը ներխուժեն բնակելի թաղամասեր եւ շէնքերուն վրայ կրակ կը բանան։

Սուրիոյ ծովափին ռազմական գործողութիւնները արագ տարածուեցան եւ իրավիճակը վերահսկողութենէն դուրս եկաւ։ Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ այս բռնությունը, եւ հնարաւոր է՞ր խուսափիլ ատկէ․․ այս բոլորի մասին մենք զրուցեցինք միջազգայանգէտ, վերլուծաբան՝ Վիգէն Չըթըրեանին հետ։

Ան պատմութեան և միջազգասյին յարաբերութիւններու դասախօս է Ժնեւի համալսարանէն ներս, հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։

Արդե՞օք սա խաղաղ բնակչութեան սպանդ էր։

«Այս արարքը պէտք չէ առանձին դիտենք Սուրիա 2011- էն ի վեր պատերազմի մէջ է, տարբերությունը նոր՝ ժամանակաւոր կառավարութեան զինուորները, որոնք ոչ այնքան վաղուց կը կոչուէին «Հայաթ Թահրիր աշ-Շամ», իսկ մինչ այդ եղած են «Ալ-Քաիտայի» սուրիական մասնաճիւղը եւ անոնց սուննի դաշնակիցները: Զոհերը ալաուիներու համայնքի անդամներ են։ Սուրիոյ մէջ, այդ շրջաններուն մէջ կան էթնիկ խումբեր՝ սուննի, ալաուի եւ քրիստոնեայ․..երբ Պաշշար Ալ-Ասատի ռեժիմը այլեւս չկայ, իրենց հակառակորդները, որոնք տարիներու ընթացքին ահագին չարչարանքներէ անցած են՝ հիմա դարձած են ուժի տէր, այս բոլորը կառավարել շատ դժուար է։ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը միայն թուղթի վրայ իշխանութիւն է, Ահմատ ալ Շարըհ ճիշդ բաներ կ՛ըսէ, բայց ճիշդ բաներ իրագործելու համար լծակները չունի»։

«Անշուշտ, Թուրքիա ամենակարեւոր արտաքին ուժն է, որ կը հովանաւորէ նոր իշխանութիւնները, Թուրքիոյ դերը շատ կարեւոր է՝ զէնք, զինամթերք, դրամ։ Բայց այսօրուանները իրենք բազամկողմանի են, խմբաւորումներ եւ տարբեր հոսանքներ ունին, միջազգային ճիհատիստներ ալ կան։ Այս խմբաւորումները Սուրիոյ մէջ արմատներ չունին, իրենք շատ աւելի ծայրայեղական են»։

Նոր կառավարութեան առջեւ ծառացած խնդիրը շատ աւելի լուրջ է։ Այս վերջին դէպքերը պատերազմի շարուանկութիւնն էր Իտլիպի եւ Լաթաքիոյ շրջանի բնակիչներուն միջեւ։ Տասնամեայ պատերազմը աւերակներու վերածեց Սուրիան, զոհերու թիւը կրնայ 500 հազարի հասնիլ, եւս հազարաւորներ ենթարկուեցան խոշտանգումներու: ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը ժամանեց Սուրիոյ Լաթաքիա եւ Թարթուսի շրջաններ։

Ըստ մեր հիւրին, եթէ պետութիւնը չի կրնար տալ ձեզի ապահովութիւն, ուրեմն դուք պիտի փորձէք ձեր համայնքի շրջանակին մէջ ապրիլ։ Այսօր Սուրիա ունի բազմաթիւ դժուարութիւններ, յոգնած են պատերազմէն, իրենք հայրենիք չունին, որ լքեն երկիրը, սուրիացիները իրենք պիտի գտնեն ուժ, խոհեմութիւն եւ յոյս․. ․ խօսքը աւարտեց վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան։

Անի Զէյթունցեան

Կարդացեք նաև

Back to top button