ԿարևորՀասարակություն

Ի՞նչ պէտք է ընել օգնելու դեռահաս աղջկան

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Յարգելի ունկնդիրներ, այսօր մտերիմ զրոյցը տարբեր թեմայի մը մասին է, որուն մասնագէտը կամ զրուցակիցս՝ բժշկուհի Գարին Կրպոյեան- Գազանճեանն է՝ Դամասկոսի ծնունդ, որն այժմ կը բնակի Հայաստանի մէջ։

Դեռահասութեան տարիքը մասնագէտները կ՛անուանեն «ճգնաժամային տարիք»:

Ո՞ր տարիքային շրջանը Հայաստանի մէջ կը համարուի դեռահասութիւն, ո՞րոնք են այդ տարիքին բնորոշ հոգեբանական խնդիրները, ի՞նչ լուծումներ կը պահանջեն ատոնք։ Այս եւ նման այլ հարցերուն կը պատասխանէ դեռահաս աղջիկներու կեանքի մարզիչ՝ տոքթ, Գարին Կրպոյեան- Գազանճեանը։

«Նախ ըսենք, թէ որո՞նք կը սեպենք դեռահասներ։ Աղջիկները կը սկսին շատ կանուխ՝ 8 տարեկանէն, եւ կը տեւէ երբեմն մինչեւ 23 տարեկան։ Ամենամեծ խնդիրները այսօր` իրենց կապն է ընկերային ցանցերու հետ, որոնց միջոցով ցոյց կը տրուին կատարեալ պատկերներ, այս արտաքին տեսքը զիրենք կը հասցնէ ինքնահամեմատման, որոնք անիրական պատկերներ են եւ որոնք փոխուած են ու խմբագրուած»։

Որո՞նք են Գարինին դիմողներոը․ «Երբոր ծնողքը կը զգայ թէ կապը իր աղջկան հետ սկսած է թուլնալ, դեռահաս աղջիկներուն մեծ կապը համացանցի եւ հեռախօսներու հետ, երբ ծնողքը չի կրնար զսպել, հիմքը ծնողք-դուստր կապը զօրացնելն է։ Տղաքը կ՛արտայայտուին իրենց վարքով, երբեմն արտաքին տեսքով, ֆիզիքապէս , իսկ աղջիկները կը պահեն իրենց մէջ։ Աւելի զուսպ տարբերակով, երբ մեզի համար նկատելի չի դառնար, այլ տարբեր ձեւերով կ՛արտայայտուի  կրնայ սնունդի հետ կապուած ըլլալ, կրնայ երբեմն ալ հոգեկան խնդիրներու հետ կապուած ըլլալ, եւ ծնողքը շատ աւելի ուշ կ՛անդրադառնայ, երբ աւելի լուրջ մասնագէտի կարիքը կ՛ունենան»։

Կեանքի այս շրջանին երեխաները անկառավարելի կը դառնան։ Ի՞նչ պետք է ընէ ծնողքը այս պարագային։

Գարին ծնողներուն կը թելադրէ,՝ որպէսզի անոնք խօսելով օգնեն եւ բարձրացնեն աղջկան ինքնագնահատականը, ներքին յատուկ ուժերը բացայայտելը, այն, որ արտաքին տեսքը միակ կարեւոր բանը չէ, այլ ներքին կարողութիւնները կարեւոր են։ Այն ատեն դուրսի ազդեցութիւնը աւելի նուազ կ՛ըլլայ։  

Դեռահասութեան տարիքը չափազանց բարդ է եւ բուռն։ Այս տարիքին զարգացումը իսկապէս չափազանց արագ կ՛ընթանայ, յատկապէս շատ մը փոփոխութիւններ կը նկատուին ։ Դեռահասի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը․․․ անձնական անկայունութիւնն է։ Հակադիր գիծերը, ձգտումները, դեռահասի բնաւորութեան եւ վարքի հակասութիւնները։

Դեռահասներու ծնողները պէտք է ըլլան աւելի գիտակից իրենց մօտեցումով իրենց զաւակներուն հետ,  շատ կարեւոր տարիք է, որուն համար համբերատար եւ ընկերոջ դերի մէջ ըլլալ հարկաւոր է, կ՛ըսէ մեր հիւրը։

Կարդացեք նաև

Back to top button