ԿարևորՀասարակությունՌեպորտաժներ

Տոքթ. Իշիյամայի 28-րդ այցը Հայաստան

Անի Զէյթունցեան
Հանրային ռատիօ

Բազմաթիւ երեխաներ այսօր լսողութիւնը վերականգնած են շնորհիւ խումբ մը կամաւոր բժիշկներուն, որոնց հիմնադիրն է տոքթ․ Սալբի Ագարակեան։ «Սարքերու դեղադրմամբ երեխաները կրնան լսել, սա մեծ ուրախութիւն է ինծի համար»,- կ՛ըսէ ան Հանրային ռատիոյի հետ զրոյցին։

Հայկական միջազգային բժշկական հիմնադրամի հիմնադիր տնօրէն Սալբի Ագարակեանը 2003 թուկանին որոշեց հիմնել այս հիմնադրամը խուլ երեխաներուն լսողութիւն պարգեւելու համար՝ տոքթ․ Աքիրա Իշիյամայի գլխաւորութեամբ։ Այս ծրագիրը ունի իր յետին խումբ մը կամաւոր բժիշկներ, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ են Ամերիկայէն։

Հայաստանի մէջ միջին հաշուով իւրաքանչիւր 1000 նորածիններէն 3-ը խուլ կը ծնին, անոնցմէ առնուազն մէկը կարելի է բուժել՝ վիրաբուժական միջամտութեամբ անոր շնորհելով լսելու ունակութիւնը։

«Ամերիկայի մէջ նշուած սարքը տեղադրելու գործողութիւնը սկսած ենք 80-ական թուականներէն։ 2003-ին սկսանք այս ծրագիրը իրականացնել Հայաստանի մէջ, 20 տարուան մէջ 250 երեխայ վիրահատուած է։ Ծնողները մեզ կը վստահին՝ սպասելով, որ երեխան սկսի լսել․․. լսելէն վերջ սկսի խօսիլ․․. նախընտրելի է մինչև 2 տարեկան վիրահատել երեխան։ Ծնողներուն կը բացատրենք, թէ ինչ է ընթացքը, ուրախութեամբ կրնամ ըսել որ այս Նոյեմբերին տոքթ․ Աքիրա Իշայամայի 28 րդ ճամբորդութիւնն է  Հայաստան։ Ան հզօր վիրաբոյժ է։ Մեր 28 րդ բժշկական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ։ 2004 թուականին Գէորգը առաջինն էր , հիմա ան ատամնաբոյժ է։ Մեր հիմնադրամի նպատակն է, որ այս ծրագիրը հասնի ամէնուն, բոլոր այն երեխաներուն, որոնք խուլ ծնած են կամ յետոյ կը խուլնան»,- կ՛ըսէ տոքթ․ Սալբի։

Առաքելութեան խումբի թիւը 12-15 անդամ է, որ ժողովի կը նստին Հայաստանէն, Ամերիկայէն, Մոսկուայէն եւ երիտասարդներ ալ ընդգրկած են, որպէսզի անոնք ալ շարունակեն այս աշխատանքը։

Վերջին մի քանի տարիներուն կը համագործակցին վարչապետի գրասենեակին եւ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ։

Տարեկան 20-25 երեխայ կը վիրահատուի, միջինը եղած է տարեկան 15 դէպք։

Հարցազրոյցը իրականացաւ սփիւռքի երկրորդ գագաթնաժողովի ընթացքին՝ Երեւանի մէջ։ 

Սալբի Ագարակեան վարիչն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) առողջապահական համակարգի հիւանդապահներու միջազգային ծրագիրին՝ կազմակերպելով համալսարանին մէջ աւելի քան 20 երկիրներէ մասնագիտացող մօտաւորապէս 3000 հիւանդապահներու գործունէութիւնը: Ան նաեւ կը հետեւի հիւանդապահներու վարկաւորման աշխատանքին:

Սալբի Ագարակեան շարք մը կազմակերպութեանց հետ Հայաստանի մէջ հաստատած է հիւանդապահներու դասաւանդման ծրագիր մը, ուրկէ ցարդ շրջանաւարտ եղած են աւելի քան 400 հիւանդապահներ:

Կարդացեք նաև

Back to top button