ԿարևորՀասարակությունՌեպորտաժներ

Գորգերը թող խօսին․ 107 տարուան պատմութիւն ունեցող Մեկերեան ընկերութիւնը

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Գորգագործութիւնը Հայաստանի մէջ հազարամեակներու պատմութիւն ունի։ Նիւ Եորքի մէջ ապրող Մեկերեաններւ ընտանիքը կը շարունակէ զարմացնել օտարներուն հայկական ձեռագործ գորգերու արուեստով։

«Հայաստանի մէջ մեր ընտանիքի ցանկութիւնն է, որ պահենք գորգագործութիւնը որպէս հայ արուեստի վկաներ»- կ’ըսէ Ձեռագործ գորգերու մասնագիտութեամբ եւ արտադրութամբ զբաղող Ռաֆֆի Մեկերեանը։  Հանրային Ռատիոյի բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրը մեզ հիւրընկալեց Երեւանի Մեկերեան գորգի թանգարանէն ներս։

Անոր ծնողները 1946 թուականին գաղթած են Հայաստան՝ ինք ծնած է Հայաստանի մէջ։ Ետքը անոնք  տեղափոխուած են  Ամերիկա։ Սկիզբը (անթիք խալիներով) հնագոյն գորգերով զբաղած են, յետոյ անցած են գորգագործութեան արտադրութեան եւ վաճառքին։

Մեկերեան ընկերութիւնը 1917 թուականին հիմնադրուած է Նիւ Եորքի մէջ, Ճոն Մեկերեանի կողմէ։ Արտադրական գորգերը զարդարած են  Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը նախագահական ընտանիքներուն դղեակները, դեսպանատուները։ Մեկերեան ընկերութիւնը համաշխարհային ցանց ունեցած է, անոնք սեփական խանութներ ունեցած են Ամերիկայի գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ։ Մեկերեան գորգերը տասնեակ  երկիրներու մէջ արտադրուած են. նախ Եգիպտոսի մէջ հիմնած են գորգի գործարան, ապա Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի մէջ,  նաեւ գործարաններ հիմնած են Ռումանիոյ եւ Չինաստանի մէջ ։

«Մտածեցի որ գորգի պատմութիւնը ճիշդ իմանալու համար թանգարան բանալը հարկաւոր է։ Շատ մը գորգեր մեր եկեղեցիներւ յատակագիծը ունին, գորգերը մեր ամէնէն կարեւոր արխիւն են»,- կ՛ըսէ Ռաֆֆի Մեկերեան։

Ձեռագործ գորգը կ՛ընկալուէր որպէս ներդրում։

«Օր մը հայրիկս կանչեց եւ ըսաւ, գնա Հայաստան եւ մարդոց գործ տուր։ Միտքս դրած էի, որ մինչեւ 2000 աշխատող ունենամ ու նոր կանչեմ հայրիկս։ Ան հարցուց, թէ ամսու մէկին աշխատողները ամսական կ՛առնե՞ն, երբ ստուգեց, ըսաւ՝ հիմա գիտցայ որ տղաս ես»։

Ցեղասպանութեան նուիրուած գորգ մը կը կրէ Ճորճ եւ Ամալ Քլունիի անունը, իր տիկինը Ցեղասպանութեան իրաւաբանն է։ Նաեւ Արցախեան պատերազմին նուիրուած գորգ մը հիւսած են, դրամը երթալու է զինուորներու ընտանիքներուն»։ 

Ժողովուրդը կրնայ լսել մեր պատմութեան մասին գորգերու միջոցով, 107 տարի անցած է մեր ընտանեկան պատմութեան։ Արժէ տեսնել հայկական գորգերը, որոնք մեր պատմութեան վկաներն են։ «Ուրիշ աշխարհի մէջ ենք, գորգերով շունչը տարբեր է, մարդիկ հին օրերը կը յիշեն»։

Մեկերեան թանգարան այցելած են աշխարհի մեծերը։

Կարդացեք նաև
Close
Back to top button