
Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ
Երկու տարուան տեղ մնացի 23 տարի, այդ տարիները Հալէպի փառքի տարիներն էին։ Առաջին անգամ Խորհրդային Միութենէն դուրս կու գայի, եւ Սուրիոյ արեւելեան այդ գեղեցիկ մթնոլորտը մեծ անկանկալ էր ինծի համար, կը պատմէ՝ Հրազդան Թոքմաճեան։
Բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրը գեղանկարիչ, ազգագրագէտ՝ Հրազդան Թոքմաճեանն է ։ Ան 1993-2015 աշխատած է Հալէպ, Սուրիա դասաւանդելով ՀԲԸՄ Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» անուան ակադեմիային մէջ:
Երանաւէտ տարիները պատմութեան գիրկն են թէպէտ, տասը տարիէ ի վեր երկիրը թաղուած է պատերազմի եւ դժուարութիւններու մէջ։ Միեւնոյնն է, Հալէպը կը շարունակէ մնալ հարազատ քաղաք, հայութիւնը կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը։
«Այո, այսօր Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւններ չկան, բայց ռազմական վերջնակէտն ալ չէ տրուած։ Մեծագոյն ճիգով հայութիւնը կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը, ապագայի նկատմամբ մտահոգութիւն դեռ կայ» ։
Բոլոր հալէպահայերը քով-քովի գալով` մոռացութեան կու տան իրենց անձնական դժուարութիւնները եւ կը գործեն յանուն ընդհանուր նպատակներու, որոնց առանցքը հայապահպանումն է։ Նոյնիսկ տագնապի տարիներու ընթացքին հալէպահայ մշակութային կեանքը չդադրեցաւ բաբախելէն։
Անսպառ նիւթ կայ Հալէպի մէջ, Հալէպը փոքրիկ Արեւմտահայաստան էր, հայերը նախանձելի մակարդակ արձանագրեցին արհեստներու մէջ։ Հրազդան այցելեց տուները, լուսանկարեց ձեռագործներն ու անզուգական ֆոնտ մը կազմեց, որուն արդիւնքը եղան կոթողային գիրքերը:

«Մի քանի զանգով քաղաքի մարաշցիները կարող էիր ոտքի հանել, ամէն կերպ կ՛աջակցէին, իմ յիշողութեանս մէջ ամէնէն ջերմ բաներէն մէկն էր։ Այնտեղ կը տեսնես քու ժողովուրդին իր անաղարտ վիճակին մէջ, որուն համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ սուրիական միջավայրին, որ հայութիւնը մնաց ինչպէս որ էր՝ Արեւմտահայաստանի մէջ ցեղասպանութենէն առաջ»,- կ՛ըսէ պրն․ Թոքմաճեան։
Կիլիկիոյ տարբեր քաղաքներէն եկած մարդիկ, իրենք զիրենք վերագտան այստեղ Հալէպի մէջ։ — Այո կան տակաւին անաւարտ գործեր, պատմական Հալէպի հետ կապուած։
Անապատային կիզիչ, արեւոտ երկիրը եւ ծովափի հետ կապուած յուշերը, ամառնային աշխատանքներով կապուած Քեսապ այցերը, Կիլիկիոյ հարաւային մասը, ծովեզերքը եւ մարդոց հիւրասիրութիւնը մնացած են Հրադան Թոքմաճեանի յիշողութեան մէջ։
• 2010-ին «Մարաշի Ասեղնագործութիւն» պատկերագիրքը (Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն, Հալէպ)
• 2014-ին «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն – Ա. հատոր» պատկերագիրքը (Բերիոյ Հայոց Թեմ, Հալէպ)
• 2015-ին «Այնթապի Ասեղնագործութիւն» պատկերագիրքը (Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն, Հալէպ)
• Օգոստոս 2016-ին «Գալեմքեարեաններ, Այնթապ – Դամասկոս- Հալէպ» պատկերագիրքը (Բերիոյ Հայոց Թեմ, Հալէպ), որ նուիրուած է մետաղի գեղարուեստական մշակման վարպետ Գալէմքեարեան գերդաստանին (Այնթէպ-Դամասկոս-Հալէպ)։
• Մայիս 2017-ին «Անապատի Տխուր Մեղեդին, Պետուին Հայերը Նուրհան Պալեանի լուսանկարներով» պատկերագիրքը (ՀԲԸՄ), այնտեղ ներկացուած են մարդիկ , որոնք ցեղասպանութենէն ետք մնացին անապատի մէջ։
Հրազդան Թոքմաճեան ծնած է Գիւմրի 18 Յունուար, 1961-ին: 1980-ին աւարտած է Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանը: 1985-ին աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հիմնարկը: 1985-1988 թթ. Դասաւանդած է Կերպարուեստ Իջեւանի Սեւ Քար գիւղը: 1988-1992 թթ աշխատած է Գիւմրիի Առասպելի դպրաթատրոնին մէջ որպէս գլխաւոր նկարիչ: 1993-2015 աշխատած է Հալէպ, Սուրիա դասաւանդելով ՀԲԸՄ Հալէպի «Մ. Սարեան» անուան ակադեմիային մէջ:




