
Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ
Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը ՝ Սինոփսիս Արմէնիա ընկերութեան տնօրէն, Հայկական առցանց համալսարանի հիմնադիր նախագահ, ինչպէս նաև Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ․ Երվանդ Զօրեանն է։
Միքրօ-էլէկտրոնիքա 18 րդ մրցանակաբաշխութիւն․
Միքրօ-էլէկտրոնիքան գիտութեան արդիական միտքերը կը պահանջէ, չիփերու աշխատանքն է այն, Հայաստանի մէջ ունինք յառաջացող բնագաւառ մը այս ոլորտէն ներս, միտքերու աշխատանքին արդիւնքն է ասիկա, միջազգային մրցանակ մըն է, որը Հայաստանը կազմակերպած է բոլոր երկիրներու առաջիններուն միջեւ։ Ասի առիթ կու տայ, որպէսզի Հայաստանը ներկայացնենք որպէս Միքրօ-էլէկտրոնիքայի մայրաքաղաք։ Մենք պէտք ունինք նոր միտքերու, նորարարութեամբ աշխատող երիտասարդներու, մենք կ՛աշխատինք ոչ միայն 5 համալսարաններու հետ , այլեւ 16 դպրոցներու հետ, կը հովանաւորենք եւ կը պատրաստենք երիտասարդներ։

Արհեստագիտական գագաթնաժողովը՝ Երեւանի մէջ
17 Հոկտեմբերի Գագաթնաժողովը «Սիլիքոնեան լեռներ» անունով, այս անգամ կեդրոնացած էինք խելացի երկիր կամ խելացի քաղաք թեմային։ Եթէ կ՛ուզես քու քաղաքդ կամ երկիրդ խելացի ըլլայ , համադրումին անհրաժեշտութիւնը ունիս, ինչպէս կարելի է դարձնել երկիր մը՝ խելացի երկիր, ինչ տեսակի գործիքներ օգտագործել։ Ամէն տեղ կրնաս խելացի ընել եւ քու կեանքդ բարելաւել։
«Ապրի Հայաստան» միջոցառման բացումն է Երեւանի մէջ
«Ապրի Հայաստան»ը հետազօտական հաստատութիւն մըն է , որուն տարեկան համաժողովը կազմակերպուած է սոյն թուականի՝ 25, 26, 27 օրերուն Երեւանի մէջ։ Անվտանգութեան բնագաւառի մասին պիտի խօսի մեր հիւրը, որը մեծ բնագաւառ մըն է, այսօր մենք մեզ պաշտպանելը շատ կարեւոր է։
Տոքթ․ Երվանդ Զօրեան միշտ նեցուկ եղած է տարբեր ծրագիրներու, ան նաեւ քաջալերեց Արեւմտահայերէնի ոլորտէն ներս մեր տարած աշխատանքը։




