ԿարևորՀասարակություն

Միակ տեղը, որ հայը հայ պիտի մնայ, Հայաստանն է. Տիգրան Ալթուն

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Հայ համայնքի յայտնի գործիչ, միշտ Հայաստանի ու հայութեան նեցուկ ազգային բարերար Տիգրան Ալթունն է՝ բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրը։

1991 թուականին Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելէն յետոյ նոր պետութիւնը չունէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ քաղաքական կամ տնտեսական կապեր Թուրքիոյ հետ։ Երկու երկիրներու միջեւ միակ ուղիղ կապը եղած է օդային ճամբով։ Այդ երթուղիի ետեւը կանգնած տղամարդը Պոլիսէն էր՝ հայ գործարար Տիգրան Ալթունն էր։   

           • Այսօր ամբողջ աշխարհը Իսրայէլի մասին կը խօսի, երբ 100 հազարէն     աւելի                   հայեր Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահան եղած հասան Հայաստան։ Թուրքիա կը քննադատէ Իսրայէլը, միւս կողմէն Իսրայէլի հետ կ՛աջակցի Ատպէյճանին։

           • Թուրքիա կ՛ուզէ՞ կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ , թէ ընդհանրապէս խզել կապերը Հայաստանի հետ։

           Այս եւ այլ հարցերու հետ մենք խօսեցանք պրն․ Տիգրան Ալթունի հետ։

«Եթէ Ղարաբաղը  եւ Իսրայէլի բաղտատենք իրարու հետ, աշխարհին համար շատ աւելի կարեւոր է Միջին Արեւելքը։ Այո, աշխարհը լուռ մնաց Ղարաբաղի հարցով։ Ղարաբաղի անկախութիւնը նոյնիսկ Հայաստանը չէր ճանչցած. երբ զօրաւոր էինք, բան մը չզիջեցանք եւ բոլորն ալ կորսնցուցինք։ Հարիւր հազարէն աւելի  հայութեան տեղահան ըլլալը իրենց տուներէն, իրենց դաշտերէն ուղղակի Ցեղասպանութեան մէկ ձեւն է»,- ըսաւ պրն․ Տիգրան։

Թուրքիան վերջին շրջանին իր առջեւ երեք պատնէշներ ունեցած է՝ Կիպրոսի հարցը, քրտական հարցը եւ Ցեղասպանութեան։ Թուրքիան կ՛ուզէ այս պատնէշները փլել, եւ հետեւաբար ալ Հայստանին հետ բարի դրացիութիւն հիմնել ։ Թուրքիան սակայն ունի դարերու երազը՝ Թուրանի երազը, այսինքն բոլոր թրքախօս ազգերու միացումը եւ այս ճամբուն վրայ միակ խոչընդոտը Հայաստանն է, Սիւնիքը իրենց երազանքն է թէեւ, բայց մեզի համար անընդունելի է, Պարսկաստանին ու Չինաստանին համար ալ անընդունելի են, նոյնիսկ Ռուսաստանին համար  անընդունելի,- ըսաւ մեր հիւրը։

Երբ հարցուցի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմագրի մասին՝ ասպէս եղաւ իր կարծիքը. «Ատրպէյճան այսօր յաղթողի դիրքին մէջ է, ինչպէս որ մենք էինք 30 տարիներ առաջ,  հաւանաբար ճնշումներով կրնայ ըլլալ որ ընդունի խաղաղութեան պայմանագիրը։  Թուրքիոյ շահերէն ալ կը բխի խաղաղութեան պայմանգիր կնքելը։

Մենք աշխատինք ապագայի մասին։ Ապագային ի՞նչ պիտի ընենք ․․ ոչ թէ  պատմութիւնով ապրինք այլ ապագայով»։

-Ակնկալիքներ ունիմ ընդդիմադիրներէն , մենք պէտք է միանաք , պառակտումի ատենը չէ հիմա , մենք պէտք է միանանք եւ իշխանութեան շուրջ հաւաքուինք։ Մենք այսօր պառակտումի իրաւունքը չունինք»,- շեշտեց ան։

Տիգրան Ալթունի համար, որ ծնած է Էրզրումի մէջ, ապրած  է Ստամպուլ եւ ուսանած հայկական սփիւռքի լաւագոյն հաստատութիւններէն Մելգոնեանի մէջ , միշտ չէ, որ հեշտ  եղած է նոյնանալ իր ժառանգութեան հետ։ Սակայն Հայաստանը միշտ եղած է անոր ոգեշնչման աղբիւրը։ «Ես ինքզինքս բջիջային հեռախօս կը զգամ, որը պէտք է լիցքաւորուի ամէն գիշեր: Եթէ ամիսը մէկ անգամ չայցելեմ Հայաստան, չեմ լիցքաւորուիր եւ  չեմ կարող ապրիլ այստեղ՝ Ստամպուլի մէջ»,- կ՛ըսէ Տիգրան Ալթուն։

Ամփոփելով մեր զրոյցը այսպէս աւարտեց իր խօսքը «Միակ տեղը, որ հայը հայ պիտի մնայ, Հայաստանն է,  մենք ուրախ պիտի ըլլանք մեր պետութեամբ ։ Մենք յարգը պէտք է գիտնանք մեր երկրին, մեր պետութեան։ Պէտք է փայփայել այս պետութիւնը եւ օր մը ըսենք, որ Հայաստանը աւելի լաւ է, երթանք Հայաստան ապրինք, այն ատեն պիտի շահինք»։

Back to top button