
Այսօր զաւակներս հետս էին հանրապետության նախագահին հետ հանդիպման, իրենք ուզեցին գալ Հայաստան, կ՛ըսէ պատմաբան տոքթ․ Ռուբէն Ատալեան։
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Երախտագիտութեան մետալներ յանձնեց Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունին եւ Հայկական ազգային ինստիտուտի տնօրէն Ռուբէն Փօլ Ատալեանին՝ հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
«4 Յուլիսը Ամերիկայի անկախութեան օրն է նաեւ, մենք որ Ամերիկայէն եկանք մինչեւ Հայաստան եւ նոյն օրը յարգուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ՝ ասկէ մեծ պատիւ չեմ կրնար երեւակայել , ի վերջոյ սփիւռքահայ ընտանիքէ ծագած եմ եւ ահաւասիկ հարիւրաւոր տարիներ ետք կու գանք Հայաստան ընտանիքով եւ այսպիսի հոյակապ առիթ մը ստեղծեց Հայաստանի նախագահը»,- խօսքը կը շարունակէ տոքթ․ Ատալեան։




Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրս ՝ պատմաբան տոքթ․ Ռուբէն Ատալեանը, Կովկասեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասնագէտ է։ Ան տարիներ առաջ անձամբ հարցազրոյց վարած է Աւրորա Մարտիկանեանի հետ, վերապրածներու վկայութիւններ շարքէն։ Ան նաեւ Զօրեան ինստիտուտի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է։
«1987-էն ի վեր կ՛աշխատինք Ամերիկայի համագումարին համար, հիմնարկը որոշում տուաւ եւ բարերար Հրայր Յովնանեան առիթը ստեղծեց կեդրոն մը բանալու Հայկական ցեղասպանութեան շուրջ, որ Ամերիկայի պետութիւնը համոզենք, 25 տարի այդ գործը կը տանինք։ Վերջապէս Ամերիկայի Քոնկրեսը եւ Ծերակոյտը որոշում տուաւ եւ ընդունեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականութիւն մըն է, 2 տարի վերջ ալ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Այն հարցումիս, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հապա ինչո՞ւ կը կրկնուին ցեղասպանութիւններ։
«Աշխարհի մէջ ցեղասպանութիւնը ամէնօրեայ հարց է եւ պետութիւններ ճիգ չեն թափեր ատիկա դադրեցնելու կամ արգելք կենալու ատոր դէմ։ Պէտք է յոյսով ապրինք, եւ աւելի աշխատանք տարուի ։ Եթէ դադրինք աշխատելէն հակառակորդ ուժերը ամէն օր կ՛աշխատին , ճանաչման հարցը ամէն օրուայ հարց է։ Մրցակից շահեր կան , եւ երբեմն այդ շահերուն ուժերը աւելի մեծ են, մենք ենք որ ուշադրութեան պէտք է բերենք, յստակօրէն չենք ըմբռներ մեծ պետութիւններու շահերը»,- պատասխանեց տոքթ․ Ատալեան։
Մեր տարաշածրջանին մէջ անվտանգութեան խնդիրներ կան, երբ Ատրպէյճանի կողքին Թուրքիան է, իսկ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Աշխարհի պետութիւնները այդքան ալ կոյր չեն, ըսաւ մեր հիւրը։ «Այո Թուրքիան թիկունք է Ատրպէյճանին , բայց այդ ըսել չէ թէ ՆԱԹՕՆ ալ թիկունք է Ատրպէյճանին»։
Ամերիկայի մայրաքաղաքին տեսանկիւնէն մեծ հաշիւները ինչպէս կ՛ազդեն շրջանին վրայ։ Ըստ պատմաբանին՝ Ամերիկայի Արտաքին գործոց նախարարը լուրջ աշխատանք կը տանի այդ ուղղութեամբ, ժամանակ կը տրամադրէ լուծում մը գտնելու համար։ Այո, յայտարարութիւնները կարճ են, մեզի չեն գոհացներ, պէտք է վստահինք, որ պատասխանատու մարդիկ զգոյշ քայլեր կ՛առնեն։
Անդրադառնալով, որ Ռ․ Ատալեան եղած է առաջին հարցազրոյց վարած անձը Աւրորա Մարտիկանեանի հետ, ըսաւ․ «Անկարելի է Աւորայի պատմութիւնը փոխանցել, այդ կինը ահռելի քաջութիւն ունի, Աւրորան ետ ողջնցաւ Արշալոյսի Լուսաբացը ֆիլմով։
Յիշողութենէն աւելի իմ գնահատանքս կը յայտնեմ այդ ամբողջ խումբին, որ ֆիլմը պատրաստեցին, իրենք լաւ օգտուած են այդ հարցազրոյցէն , այդքան չարարանքներէն անցած է այդ կինը, ուշագրաւ է այդ կնոջ քաջութիւնը եւ ինքզինք արտայայտեց։ Այդ ֆիլմը պատրաստողներուն միայն գովասանք․․ միայն յարգանք․․։
Անի Զէյթունցեան 07, 07, 2023
Aurora’s Sunrise – Ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա Արշալոյս Մատիկանեան կը դառնայ յամր ֆիլմի աստղը։ Ընտանիքը կորսնցնելէն յետոյ ստրկութենէն յետոյ Աւրորան աշխարհին կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութան մասին։
Հայկական ազգային ինստիտուտ, անգլ.՝ Armenian National Institute (ANI), Ուաշինկթընի մէջ հիմնադրուած կազմակերպութիւն մը, որը կը զբաղի հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր հաւաքելու, ուսումնասիրելու եւ օտարներուն ներկայացնելու աշխատանքով։ Հիմնադրուած է 1997 թուականին Ամերիկայի հայկական համագումարի կողմէն, հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկելու համար։ Անգլերէն յապաւումը՝ ԱՆԻ (Armenian National Institute) հայոց միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի անունն է։Տնօրէն՝ Ռուբէն Փօլ Ատալեան։




