
Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ աշխատելու մեկնարկը տրուած է սփիւռքահայ մասնագէտներուն համար՝ «իգործ 2023-»ծագիրի 4-րդ հանգրուանի դիմումներու ընդունելութեան։ Ծրագիրը եզակի հնարաւորութիւն է ուղղակի մասնակցութիւն ունենալու հայրենիքի պետականաշինութեան եւ կառավարման համակարգի բարեփոխման:
Հարցազրոյցի մեր հիւրերն են՝ Լիլիթ Բեգլարեան Ուքարնիայէն՝ փաստաբան-իրաւաբան եւ Լէոնարտօ Մոմճեան՝ Արժանթնինէն հաղորդավար եւ լրագրող, Արժանթինի հեռուստատեսութեան եւ Ռատիոյին մէջ։
Արժանթինահայութիւնը հին համայնք է, ուր կ՛ապրի 120 հազար հայութիւն, 1925-30 ականներէն ձեւաւորուած հայ համայնքը, որոնց մեծամասնութիւնը հաստատուած է Պուէնոս Այրէսի մէջ , որտեղ կան հայկական դպրոցներ ու եկեղեցիներ , կը պատմէ Լէոնարտօ։ «Սփիւռքի մէջ մեր կեդրոնացումը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան վրայ աշխատելով , հիմա սակայն Հայաստանը պատերազմէն ետք պէտքութիւն ունի մեր աջակցութեան․ կ՛ուզեմ օգտակար ըլլալ Հայաստանի մէջ» ,- ըսաւ Լէոնարտօ Մոմճեան մեր զրոյցի ընթացքին։

Լէոնարտօ այժմ կ՛աշխատի Հայաստանի վերափոխման ռազմավարութեան խումբին հետ, ան իր 2 դուստրերը թողած է Արժանթին։
Իսկ Լիլիթ այժմ կ՛աշխատի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Ազգային ժողովի յանձնախումբին մէջ ։ Ան պատմեց թէ,«Շատերը կը մտածեն , որ ես ըլլալով Ուքրանիայէն ուրեմն պատերազմի պատճառով ուզած եմ գալ Հայաստան, կ՛ուզեմ ըսել, որ այդ միտքը եղած է իմ մէջ մինչ Ուքրանիոյ պատերազմը, ես շատոնց որոշած եմ գալ Հայաստան ․․եթէ կ՛ուզէք տեղափոխուիլ հայրենիք, ապա դուք պէտք է ընտրութիւն կատարէք անկախ, թէ որ երկիրը կ՛ապրիք, եւ այդ որոշումը կայացնէք ձեր կեանքի մէկ մասը նուիրելով հայրենիքին, ձեր գործով , այդ պարտաւորութիւն է, որպէսզի մեր երկիրը մնայ ազատ ու անկախ», ըսաւ Լիլիթ Բեգլարեան։
Անոնք եկած են Հայաստան մէկ տարի ժամկէտով «Իգործ» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ։ Սփյուռքահայ մասնագէտներէն եւս 50-ը առիթ ունի մեկ տարիով գալու հայրենիք, փորձով ու հմտութիւններով օգնելու պետական կառավարման համակարգի աշխատանքներուն, կառավարութիւնը մանրամասներ ներկայացուց այդ մասին ։ Նախ՝ տարիքային սահմանափակումներ չկան, սակայն դիմողը պէտք է ունենայ բարձարագոյն կրթութիւն եւ 5 տարուան փորձառութիւն։ «իգործ» ծրագիրը կ՛ապահովէ երթուդարձի տոմս եւ ամսեվճար նաեւ առողջութեան ապահովագրութիւն մէկ տարուան կեցութեան համար։
Մանրամասնութիւններու համար այցելել այստեղ: Իսկ Ծրագիրին դիմելու վերջնաժամկէտը՝ մինչեւ Ապրիլ 5:
Անի Զէյթունցեան 28,02,2023




