
2022 Համաշխարհային հայկական Գագաթնաժողովի շրջանակներէն ներս՝ հիւրընկալեցինք ռումանահայ նախկին նախարար, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, Վարուժան Ոսկանեանը։ «Այսօր խօսեցանք նուրբ նիւթերու մասին, թէ Ինչպէս սփիւռքի համայնքները կրնան ներկայանալ տեղական ինշխանութիւններու առջեւ, տեղական քաղաքական կեանքի առջեւ, ինչպէս կրնան բանակցիլ իրենց շահերուն եւ գոյատեւման համար»։
Համայնքները որոշ չափով կը տարբերին իրարմէ․ կան աւանդական հին համայնքներ՝ ինչպէս Ռումանիան, կան մայրենի համայնքներ, ինչպէս Թուրքիան, կան նոր համայնքներ, ինչպէս Շուէտը եւ կան մեծ համայնքներ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Ռումանիոյ կեանքին մէջ հայ համայնքը արմատացած է, հայերը այնտեղ պատիւ ունին եւ թերեւս Եւրոպայի հնագոյն համայնքն են , մեր առաջնորդը 41-րդ առաջնորդն է ։ Անոր համար մենք կրնանք մասնակցիլ քաղաքական կեանքին իբրեւ ռոմանացիներ` պահելով մեր հայկական ինքնութիւնը։
«1990-ին որոշեցինք ունենալ մեր ներդրումը Ռումանիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, այն ատեն մտայ խորհրդարան եւ մասնակցեցանք նոր սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական կազմին՝ քաղաքական կուսակցութիւններու պէս, ես 6 տարի ներկայացուցի հայ համայնքը Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ, միաժամանակ դարձայ ազգային փոքրամասնութիւններու խօսնակը եւ կրցանք բանակցիլ կառավարութեան հետ»։

Պրն․ Ոսկանեան աւելցուց , որ հայ համայնքը ունի քանի մը հազար անդամ, այո․․. պակսած է թիւը, շատերը գաղթեցին դէպի Ամերիկա, ֆրանսա։ Սակայն հայ համայնքը Ռումանիոյ մէջ ազդեցիկ է, ունի ամէնէն նպաստաւոր օրէնսդրութիւնը, պետութեան կողմէ ապահովուած է համայնքը , պետութիւնը մեր եկեղեցիները կը վերանորոգէ, եւ թէ դպրոցը կը հոգայ , որովհետեւ խորհրդարանին մէջ ենք եւ մեր ձայնը կարեւոր է։ Մեր նախագիծով 12 Հոկտեմբերը, սուրբ Թարգմանչաց օրը ընդունուեցաւ որպէս Ռումանիոյ մէջ Հայոց լեզուի, մշակոյթի, այբուբենի տօն ։
Ըստ մեր հիւրին՝ պէտք է համայնքը միաւորուած մնայ, միայն մէկ կազմակերպութիւն՝ Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը ունինք։ Չունինք ուրիշ կազմակերպութիւն, իմ ձայնովս հայերը կը խօսին, առանց ունենալու քննարկում որոշում չառնուիր, նամակներ ստացանք , որ պոյքոթ ընենք ու գագաթնաժողովին չի մասնակցինք , սակայն մեր որոշումը այդ եղաւ, որ գանք․ նախ եւ առաջ մայր հայրենիք կու գանք, երկրորդը, որ պէտք է յարգենք աստեղացիներուն որոշումը , եւ եթէ այս ժողովուրդը ընտրեց այս կառավարութիւնը, ուրեմն մենք պէտք է յարգենք այդ որոշումը եւ այս կառավարութիւնը պիտի ըլլայ միջամտողը հայ ժողովուրդի հետ, երրորդը` ամէնէն ճիշդը քննարկում- երկխօսութիւնն է։ Ամէն մէկը միւսին կուրծքը պէտք ունի, ոչ թէ կռնակը։
«Մեր սերունդը որոշեց յանձնել իշխանութիւնը երիտասարդ սերունդին, որոշեցինք հետեւիլ այդ օրինակին, որ իշխանութիւնը յանձնենք երիտասարդներուն, որպէսզի շարունակեն ինչ սկսանք մենք տարիներ առաջ»,- իր խօսքը աւարտեց նախկին նախարար պրն․ Վարուժան Ոսկանեան։
Անի Զէյթունցեան




