
ՀԲԸՄ «Նաիրի» ճամբարին կրնան մասնակցիլ 7-13 տարեկան երեխաները: Ճամբարի օրերն են՝ Օգոստոս 1-14` I փուլ, Օգոստոս 16-29` II փուլ։ Իւրաքանչիւր երեխայ կրնայ մասնակցիլ առաջարկուող փուլերէն միայն մէկուն: ՀԲԸՄ «Նաիրի» ճամբարի նպատակն է երեխաներուն պարգեւել անմոռանալի եւ ուրախ ամառ: Ծրագիրի շրջածիրէն ներս փոքրիկները ուրախ ժամանց կ՛ունենան, բնութեան գիրկը կը վայելեն ամառնային արձակուրդները, նոր ընկերներ ձեռք կը բերեն, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանան հայկական ազգային պարերուն, կը զարգացնեն ստեղծագործելու, մտածելու եւ նորը ստեղծելու ունակութիւնները:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Նաիրի» ճամբարի եւ ընդհանուր երիտասարդական ամառնային ծրագիրներու տնօրէն Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ, Հերմինէ Տիւզեան կը ներկայացնէ ճամբարի մասին եւ մասնակցութեան կարգը:
«Բազմաթիւ ճամբարներու կողքին, «Նաիրի» ճամբարը երկրորդ ամառը ըլլալով կը կազմակերպենք Հանքաւանի մէջ , ճամբարական կեանք պիտի ապրին մեր երեխաները. 2 փուլով, իւրաքանչիւր փուլին 120 երեխայ,Հայաստանէն ու Արցախէն անխտիր»։

Հերմինէ Տիւզեան անձամբ գացած էր Արցախ` արձանագրելու ճամբարին մասնակցիլ ցանկացող երեխաներուն անունները։
ՀԲԸՄ «Նաիրի» ճամբարը այս տարի նոյնպէս անվճար պիտի հիւրընկալէ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած, գերի ինկած, անհետ կորած եւ վիրաւորուած մեր հերոսներու 7-13 տարեկան հարազատները: «Այս ճամբարի նպատակը երեխաներուն ուրախութիւն պատճառելն է, երեխաներուն զուարճալի պահեր պարգեւելն է։ Եւ անցեալ տարուան փորձէն ելլելով`մենք աւելի լաւ պատրաստուած ենք այս տարի»․ ըսաւ Հերմինէ Տիւզեան Հայաստանի հանրային Ռատիոյին։
Ան նշեց, որ Սփիւռքի տարբեր երկիրներէն բարերարներ իրենց ձեռքը կը մեկնեն ու կը հոգան մեր երեխաներուն ուրախութիւն նուիրելու համար։ Նպատակն է կազդուրել երեխաները ուրախ մթնոլորտի մէջ եւ լաւ սնունդով, օգնել անոնց յատուկ հոգեբաններու միջոցով , որպէսզի եթէ տագնապի մէջ իյնան, կարողանան դուրս գալ այդ վիճակէն։ Հերմինէ Տիւզեան լայնածաւալ աշխատանք կը տանի այս ճամբարի յաջողութեան համար։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել ճամբարի տնօրէն Հերմինէ Տիւզեանին ՝ [email protected] | 055 683 173:
#AGBU #AGBUArmenia #AGBUNairiCamp #CampNairi #Camp
ՀԲԸՄ «Նաիրի» ճամբարը կը գտնուի գեղատեսիլ Հանքաւանի մէջ պատրաստ է անվճար հիւրընկալել 7-13 տարեկան մեր հերոսներու երեխաները։




