
Փետրուար 28-էն Մարտ 1 Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը աշխատանքային այցով կը գտնուի Ժնեւ` մասնակցելու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի բարձրաստիճան նիստին: Նաեւ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը:
Հայատեացութիւնը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց Սումգայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան ջարդերու 34-րդ տարելիցին առիթով :
Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու յստակ ժամը յայտնեց ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին։ Ան Կիրակի օրը յայտնած էր , որ ուքրանական կողմի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է բանակցութիւններ վարել Պելառուսի Կոմելի շրջանին մէջ։





