
Ալէն Սիմոնեան ստանձնեց Հայաստանի նախագահի լիազօրութիւնները։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը ստորագրած է Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ նախագահի լիազօրութիւնները դադրած համարելու մասին արձանագրութիւնը: Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները ժամանակաւոր կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինին եւ Պետական խորհուրդի վարչապետ Լի Կեցեանին՝ չինական Նոր տարուան առիթով: «Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Չինաստանի հետ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական սերտացման ու խորացման՝ ի շահ մեր ժողովուրդներու»։
Պատերազմէն հետո Ստեփանակերտի մէջ «Թումօ»-ն նոր շունչ կը ստանայ ։ Արցախի մէջ երեք նոր «Թումօ տուփեր» ։ Լուրը յայտնեց Թումօ կեդրոնի տնօրէն՝ Մարի Լու Փափազեան «Արմենպրես»-ի հետ զրոյցին։





