
Հայաստանի հանրային Ռատիոյի վերանորոգ ձայնագրութեան դահլիճին մէջ կը ձայանգրուին բազմաթիւ երգեր ու մեղեդիներ, ինչպէս ձայնագրուած է Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգը։ Այս անգամ Հոլատայի Ամսթերտամ քաղաքէն ՝ սոփրանօ երգչուհի, Իլտա Սիմոնեանը, որը հայրենիք ժամանած է յատուկ ձայնագրելու համար իր երկրորդ ձայնասկաւառակը, 12 երգ Կոմիտասէն ։ «Գոհար» սիմֆոնիկ երգչախումբի եւ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար՝ երաժիշտ՝ Գրիգոր Կուզիկեանի ղեկավարութեամբ կը կատարուի յատուկ գործիքաւորում լարային քառեակի եւ տուտուկի համար իսկ մեներգողը ինքը Իլտա Սիմոնեանն է։ «Կոմիտասի նոթագրութիւնները առանց փոխելու ,միմիայն յաւելումներ բերինք լարային քառեակի եւ տուտուկի համար, Կոմիտաս ինչպէս գրածէ , այդպէս ալ թողեցինք» ,- ըսաւ երգչուհին։
Իլտա Սիմոնեան ծնած է Պոլիս, ծնողները Պուրունքշլայէն եկած են մեծ քաղաք Պոլիս, որպէսզի զաւակները դպրոց երթան ու հայերէն սորվին։ Որովհետեւ իրենք հայերէն չէին գիտեր, ինչպէս կը պատմէ զրուցակիցս։ Ան ներկայիս Ամսթերտամի մէջ կը զբաղի ձայնամարզութեամբ, 16 տարեկանէն վեր երիտասարդներու համար , ունի իր սեփական դասարանը յատուկ ձայնամարզութեան համար։
Երգչուհիի առաջին ձայնասկաւառակը , որ կը կոչուի Հետքեր, կ՛ընդգրկէ 14 հայերէն երգեր որոնք, նոյնպէս ձայնագրուած եւ հրապարակուած են Հայաստանի մէջ ։ «Հետքեր , որովհետեւ այնտեղ փոքրիկ ալպոմ մը կայ սկաւառակին հետ, որտեղ կայ Պուրունքշլայի մեծ մայրիկիս ու մեծ հայրիկիս նկարները»։ Երգչուհին կառչած՝ իր արմատներուն , նաեւ յաճախ բեմ բարձրացած է հայկական տարազով , վերոյիշեալ երգերու ցանկին մէջ կայ յատուկ երգ մը նուիրուած ՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին, որուն հեղինկան է Տէրսիմէն՝ Միաքայէլ Ասլան, երգը հայերէնի թարգմանած է Գերմանիոյ մէջ Ռաֆֆի Պետիկեանը։
«Մեր երաժշտութիւնը կ՛ուզեմ մշակոյթներու միջեւ կամուրջ ըլլայ․ ուր որ ալ երթամ հետս տանիմ նոթագրութիւնները, կարողանամ օտար խումբերու հետ ալ երգել՝ Հոլանտայի կամ Ֆրանսայի մէջ։» Ապա աւելցուց․ «Երաժշտութիւնը լեզու չունի, միմիայն երաժշտութեան միջոցով կարելի է իրար համբերել իրար սիրել եւ իրար ձեռք մեկնել»։
Իլտա Սիմոնեան յատուկ առաքելութիւն ունի երկրէ երկիր տարածելու հայ երգը եւ Կոմիտաս դասաւանդելու նոյնիսկ օտարներուն։
Ան լիայոյս է , որ հայրենիքէն տարած մաքրամաքուր երաժշտութիւնը կը դառնայ անցագիր տարբեր երկիրներ մուտք գործելու եւ սփռելու հայ երգը նոյնիսկ օտար աշխարհի ափերուն։





