ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 4, 2022

Հայաստանի մէջ քորոնայի հիւանդութեան դէմ առկայ պատուաստանիւթերը համալրուած են նաեւ՝ «Սփութնիկ Լայթ» պատուաստանիւթով, որը Հայաստանի մէջ նախատեսուած է կիրառել միայն խթանիչ (պուսթըր) դեղաչափով պատուաստման համար, կը յայտնէ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Ֆրանսան, որ վերջերս ստանձնեց Եվրամիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, պիտի շարունակէ գործել՝ ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ Հայաստանի ու Եվրամիութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման»,- ըսած է Ֆրանսայի դեսպանը Հայաստանի մէջ։

Կեանքն Աստուծոյ պարգեւ է. Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Արամ Ա. հանդէս եկած է Սուրբ ծննդեան հայրապետական պատգամով:

Back to top button