Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 11-րդ նիստին հանդէս եկաւ ելոյթով: Վարչապետը անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն: Հայաստանն ու Վրաստանը առեւտրական շրջանառութիւնը պիտի փորձեն հասցնել 1 միլիառ տոլարի։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ծննդեան օրուան առիթով։ «Այդ բարձր առաքելութեան գործին մէջ Հայաստանը կանգնած է բարեկամ Ֆրանսայի կողքին՝ պատրաստ պաշտպանելու մեզ միաւորող համատեղ արժէքները, համընդհանուր իրաւունքները եւ քաղաքակրթական ժառանգութիւնը»։
Սուրիոյ նուիրուած հերթական միջազգային հանդիպումը Ասթանայի ձեւաչափով Դեկտ․ 21-ին այսօր սկիզբ առաւ Նուր Սուլթանի մէջ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ պատուիրակութիւններու խորհրդատւութեամբ, հաղորդեց ԹԱՍՍ: