
Վտանգուած են Արցախի 2000 պատմամշակութային յուշարձանները․ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է, -ըսաւ Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ՝ Սերկէյ Ղազարեան:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին այսօր կը մեկնի Պաքու, յառաջիկային կը սպասուի անոր այցը Հայաստան: Վրաստանի ղեկավարը տեղեկացուցած է «Իմեդի» հեռատեսիլին նշելով, որ յառաջիկային պիտի մեկնի նաեւ Հայաստան:
Ցաւօք՝ կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի վաստակավոր երգահան եւ սիրուած երգիչ՝ Հայկոն: Անոր վիճակը ծայրայեղ ծանր էր, վարակուած էր քորոնայով, Սեպեմբեր 21-էն ի վեր բժիշկները կը պայքարէին անոր կեանքին համար։





