ԿարևորՀասարակություն

Ինչպէս Հայաստանը դուրս բերել ճգնաժամէն․ գիտնական Փանոսեան

Հայաստանը յետ-պատերազմի ճգնաժամէն արագ դուրս բերելու համար, հարկաւոր է թռիչքային փոփոխութիւններ եւ քաշողական ծրագիրներ,-նշեց մեր հիւրը Հայաստան- սփիւռք կապերը պահպանող յայտնի գիտնական տոքթ․ Փանոսեան Ամերիկայէն։

Զգայուն գիտահետազօտական փորձարկումներու համար մաքուր սենեակի բացում Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանին մէջ ․ շուտով Հոկտեմբերին կը կատարուի բացումը ․  յայտնեց ամերիկահայ գիտնական, ճարտարագիտութեան տոքթոր, ԱՐՓԱ հիմնարկի նախագահ եւ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիջ մասնաճիւղի դասախօս՝ տոքթ․ Յակոբ Փանոսեան։

Սարքերը հասած են, օդի փոփոխութեան եւ վերանորոգման աշխատանքները սկսած են , Հայաստանի մէջ աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին Կրաֆին նիւթը արտադրելու  ինչպէս նաեւ Նանօ-թեքնոլոճիի համար ,- ըսաւ տոքթ․ Փանոսեան։ 

Ան նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ  որոշ յառաջդիմութիւն  կայ ․ «Երիդասարդները անդրադարձած են , որ առանց աշխատանքի ոչ մէկ բան կարելի չէ փոխել, իրենց վիզին պարտքն է փոփոխելը»։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ  «Նորարարութիւն» ամենամեայ մրցանակը կը շարունակուի եւ արդէն յայտարարութիւնները եղած են, թէ Երեւանի պետական համասարանի եւ թէ Փոլիթեքնիքի ուսանողներուն համար։  

Տոքթ․ Փանոսեան հանդիպումներ  ունեցաւ Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան  ինչպէս նաեւ Կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ։ «Մենք թռիչքային փոփոխութիւններ պէտք է արձանագրենք, մեծ ծրագիրներ, որոնք կը գրաւեն համաշխարհային հասարակութեան ուշադրութիւնը»։ Փանոսեան աւելցուց․ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնելու համար բարձր թիրախներ պէտք է ունենանք։

Արմատներով Մուսա լեռցի մեր հիւրը Մուսա լերան հերոսամարտի այս օրերուն մաղթեց , որ ամէն մարդ պայքարի ապագայի համար մուսալեռական անկոտրում կամքով, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ 

Կարդացեք նաև

Back to top button