
Այսօր՝ Սեպտեմբեր 1-ին, ուսումնական նոր տարին սկիզբ առաւ ․․․․․ « Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ամէնէն դժնդակ ժամանակներուն նոյնիսկ բարձր դասեց ուսումն ու կրթութիւնը, որոնք աւելի կարեւոր են գիտական ձեռքբերումներու մեր դարուն»,- Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինէն Գարեգին Բ հայրապետական ուղերձ յղեց Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուան առիթով։
Մենք ռազմավարական նպատակ հռչակեցինք կրթութիւնը ազգային ապրելակերպ դարձնելու․ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով: «Մեր յառաջիկայ կարեւորագոյն ընելիքներէն է մանկավարժական եւ ռազմական կրթութեան համակարգերուն բարեփոխումները։ Նաեւ՝ յառաջիկայ 5 տարիներու ընթացքին կը պատրաստուինք կառուցել կամ նորոգել մօտ 500 մանկապարտէզ եւ 300 դպրոց»․ Հայաստանի վարչապետ ։
Այսօր՝ Արցախի 108 դպրոցներուն մէջ հնչեց Առաջին զանգը։ «Ընդհանուր առմամբ՝ Արցախի դպրոցները պիտի հաճախեն 19.000 աշակերտներ, որոնցմէ առաջին դասարանցիները կը կազմեն 1907 երեխաներ»:





