
Օգոստոսի 19-ին, ժամը 02։15-ի սահմաններուն, հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ յայտնաբերուած են երեք հայ զինծառայողներու դիակներ։ Դէպքի հանգամանքները կը պարզուին։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յորդորէ չտարածել կեղծ տեղեկութիւններ զինծառայողներու մահուան պատճառներու վերաբերեալ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով՝ Արարատ Միրզոյեան նշանակուած է Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարար:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 19-էն 20 աշխատանքային այցով մեկնած է Ղրղզստանի հանրապետութիւն։Հայաստանի Վարչապետը հանդիպում կ՛ունենայ Ղրղզստանի նախագահին հետ։





