
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը` յայտարարութիւն տարածեց անդրադառնալով Օգոստոս 16 եւ 17-ին սահմանամերձ հատուածներուն վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սադրիչ գործողութիւններուն․ «Անոնք նպատակաուղղուած են խոչընդոտելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ խաղաղ բանակցութիւններուն վերսկսումը, ինչպէս նաեւ վիժեցնելու տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացքը»։
Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետերը վերսկսած են աշխատանքային հանդիպումները՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակման շուրջ։ Տեղեկութիւնը տարածեց Ռուսաստանի կառավարութիւնը:
Հայաստան բերուած է COVID-19-ի դեմ չինական «Սինոֆարմ» պատուաստանիւթի նոր խմբաքանակ: Որը հասանելի է 18 տարեկանէն վեր բոլոր քաղաքացիներուն համար` առանց սահմանափակումներու։ Հայաստանի մէջ պատուաստումներ կը կատարուին նաեւ «Sputnik V», «AstraZeneca» եւ «CoronaVac» պատուաստանիւթերով:





