
Լիբանանի հիւսիսը, Աքքարի՝ թլէյլ շրջանին մէջ․ վառելանիւթի լցակայանը պայթեցուցած են․ կան զոհեր ու վիրաւորներ։
Ըստ՝ «Ալ Շարք» լիբանանեան կայքին եւ լրատուական աղբիւրներուն․ վերջին օրերուն վառելանիւթի տագնապը լիբանանի մէջ հասած է իր գագաթնակէտին։ Լիբանանեան բանակը յայտնաբերած է պահեստներէն մէկը եւ ժողովուրդին յայտնած անվճար օգտուելու համար այդ լցակայանէն , երբ խուռներամ բազմութիւնը հաւաքուած է պենզինէն օգտուելու համար մէկ կրակոցով անյայտ անձ մը պայթեցուցած է լցակայանը, կան 28 զոհեր եւ 80-էն աւելի վիրաւորներ։




