ԿարևորՀասարակություն

Հայաստանին լաւ նայիր․ զրոյց ընկերաբան՝ Մատլէն Մինասեան-Իսփիրեանին հետ

Մատլէն Մինասեան-Իսփիրեան Հայաստանի հետ երկար ճամբայ անցած է։ Ան մասնագիտութեամբ ընկերաբան է եւ վկայուած` Լոս Անճելըսէն։ Ներկայիս PicsArt-ի community aditor-ն է նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ անգլերն եւ հաղորդակցութիւն կը դասաւանդէ։

«Երեք ամիս յետոյ կը լրանայ 20 ամեակը, իմ Հայաստան տեղափոխուելուս, վերջնկան որոշումս եւ երազանքս իրականացաւ։ Հայաստանէն շատ աւելին ստացեր եմ, քան տուեր։ Ես եւ Հայաստան յարաբերութիւնը իմ կեանքի ամէնէն հարուստ կէտերէն մէկն է, որ ձուլուած է ընտանիքիս եւ երախաներուս դաստիարակութեան հետ։ Հայաստանը հսկայական դեր ունեցած է իմ գոյութեան մէջ»։

Մատլէն հայերէն լեզուն Հայաստանի մէջ սորված՝  եւ այստեղ բացայայտած է մայրենի լեզուին գեղեցկութիւնն ու սքանչելիութիւնը,  շնորհիւ իր ուսուցչուհի Անահիտ Քէշիշ-Արամունիի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ամուսնոյն․ «երբ սխալէյի հայերէնիս մէջ, Արթուրը զիս կը ծաղրէր ու կը շտկէր»։ Հակառակ, որ Ամերիկայի իր հայրական տան մէջ արգիլուած էր անգլերէն խօսիլ։

Այն հարցումիս, թէ ո՞րն էր իր նպատակներուն հասնելու ռազմավարութիւնը, Մատլէն պատասխանեց․ «Ամերիկացիներէն քաղած եմ ցուցակ պահելը․ այնտեղ կայ այն ինչ պիտի ընեմ ես,  որը սահմանափակում չունի եւ ոչ ալ տարիք կը ճանչնայ»։ 

Մատլէն  44 տարեկանին որոշած է շարունակել ուսումը Ամերիկեան համալսարանին մէջ, որպէսզի մասնագիտանայ  կրթութեան կառավարման մէջ , որպէսզի աւելի մեծ բարձունքներու հասնի այդ ոլորտին մէջ։ «Իսկ ցուցակը հիմնուած է իմ առաքելութեան վրայ , առաքելութիւնը ունի քանի մը սիւնակներ, մէկը իմ մասին, միւսը ընտանիքիս, համայնքիս , իմ երկրիս եւ իմ աշխարհիս մասին է։ Երբ ամէն առաւօտ կ՛արթննամ  կը նայիմ ցուցակիս  եւ այդ պատասխանատւութիւնը զգալով կը սկսիմ օրս։ Այս ցուցակն է, որ զիս կը մղէ միշտ առաջ»։

Զրուցակիցս անդրադարձաւ նաեւ ամուսնոյն ՝ երաժիշտ Արթիւր Իսփիրեանի մասին, եւ ըսաւ․- բացի  կինը կամ զաւակներուն մայրը ըլլալէս՝ մենք  թեւ թեւի տուած ուղեւորներ ենք այս կեանքին մէջ ։ Այս մէկը ինծի մեծ ուժ կու տայ։

Մեծ հայրիկի փափաքն էր նախքան մահանալը ՝ «Հայատանին լաւ նայիր»։ Մատլէնին համար այդ մէկը պատասխանատւութիւն էր, պայքար էր։

Մեր զրոյցը գաւաթ մը տաքուկ սուրճի շուրջ էր եւ քանի որ այս կարճ կեանքը ունինք, Մատլէն յիշեց Պարոյր Սեւակի խօսքը․ «Այնպէս ապրիլ, որ հողը չզգայ մեր ծանրութիւնը։ Ծանր է, որ համախմբուած չենք»,-ըսաւ Մատլէն։

Եկէք ըլլանք միասնաբար եւ բարի միմիանց նկատմամբ։ Այս խօսքով վերջ գտաւ մեր զրոյցը սիրելի Մատլէն Մինասեանին հետ։

Կարդացեք նաև

Back to top button