ԿարևորՀասարակություն

Ճշմարտութիւնը ապացոյցներով կը պահանջեմ. Րաֆֆի Նիզիպլեան

«1999-ին առաջին անգամ Արցախ եկայ որպէս կամաւոր՝ «Երկիր  Մշակոյթ» կազմակերպութեան հետ։ Մենք վերանորոգեցինք Քարին Տակ գիւղի եկեղեցին, եւ առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք աղջիկս՝ Ամասիան, այնտեղ մկրտեցինք»,- կը պատմէ հայրենադարձ մեր հիւրը՝ Րաֆֆի Նիզիպլեան։

Յորդանան, Քուէյթ եւ յետոյ Գանատա տեղափոխուելով՝  2001-ին Րաֆֆի թողնելով ընտանիքը կ՛որոշէ տեղափոխուիլ հայրենիք։ Ան կը հիմնադրէ Deem communications ընկերութիւնը, որն արդէն 15 տարեկան է,  ունի 20 աշխատողներ։ Ան սերտ կապեր ունեցած է Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի հետ, անտեղ հիմնած է իր ամառանոց տունը, որտեղ մեծցած են Րաֆֆիի 4 զաւակները։ «Ես ոչ միայն տուն, կառոյց կորսնցուցի, այլեւ ամբողջ համակարգ մը ընկերներ, ծանօթներ.․․»,- կը պատմէ Րաֆֆի` սրտնեղած 44 օրեայ պատերազմին հետեւանքով։

Զրուցակիցս կը մատնանշէ իրեն համար կարեւոր թուականներ Հայաստանի պատմութեան մէջ, ինչպէս՝ Հոկտեմբեր 27, Մարտի 1, 2016-ի  քառօրեայ պատերամ, եւ վերջին յեղափոխութիւնը։ «Մենք վերջապէս պիտի ձերբազատուէինք օլիգարխներէն [ոչ օրինական ձեւով հարստացողները, որոնք կ՛ազդէին քաղաքական որոշումներուն վրայ ], պիտի ունենայինք բարեկեցիկ կեանք մը Հայաստանի մէջ»։

Րաֆֆի կը շարունակէր պատմել , որ 2018-ի Յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը դարձած էր ցանկալի վայր, արդէն ներհոսք մը կար, օդին մէջ բարիութիւն մը կար, տնտեսութեան աճի նպատակներ կային, երկիրը բարելաւման կ՛երթար, ներդրումներ եղան, կաշառակերութիւնը վերացաւ։

«Սակայն յետ պատերազմեան շրջանին սփիւռքի մէջ բացասական տրամադրութիւն տիրեց, ինչպիսի անուններով կրցան պիտակաւորել իշխանութիւնը, որպէսզի վատ տպաւորութիւն թողնեն մեր այսօրուան Հայաստանին վրայ։ Մենք ատկէ աւելի շատ տուժեցինք, քան` համաճարակէն ու անգործութենէն, ցաւօք պատերազմի օրերուն ամէն բան դադրեցաւ»։

Մեր հիւրը ճշմարտութիւնը ապացոյցներով  կը  պահանջէ բոլոր կողմերէն, ան կ՛ըսէ, թէ պէտք է պատժուին բոլոր  մեղաւորները։ Անոր կարծիքով, այսօր անկախ հետազօտութիւններու կարիքն ունինք, որ այդ ապացոյցները շօշափելի դառնան, թէեւ Րաֆֆի դադրած է հաւատալէն, բայց ան յոյս ունի, որ Հայաստանը շատ լաւ տեղ պիտի ըլլայ։

Կարդացեք նաև

Back to top button