ԿարևորՀասարակություն

Կ՛ուզե՞նք որ Հայաստանը մնայ, ուրեմն պէտք է նուիրուինք․ Սօնա Թաթոյեան

Սօնա Թաթոյեան հմուտ դերասանուհի, գրող եւ ֆիլմ արտադրող։

«Ճամբորդութիւն», The Journey ֆիլմի գլխաւոր դերակատարն է , որը  2002-ին շահեցաւ հանդիսատեսի մրցանակ Միլանի միջազգային փառատօնին։ Սօնան այս ֆիլմին մէջ խաղցաւ Վարդուհի Վարդերեսեանին հետ եւ այս առիթը եղաւ իր Հայաստան առաջին այցելութեան ։ 2011-ին ան գրած է լիամեթրաժ ֆիլմ՝  «Առաջին Լրիւ Լուսինը»։

 Հայաստանը տեսանելի երկիր դարձնելը նաեւ Սօնա Թաթոյեանի պարտքն է, որպէսզի մեր պատմութիւնը ներկայացուի համաշխարհային բեմերու վրայ։ Իր կարծիքով, մեր պատմութիւնը, մեր մշակութային  հարստութիւնը չենք կրցած փոխանցել համաշխարհային հարթակներու վրայ։ Ամերիկայէն փոխադրուած է Հայաստան 2020 թուականի Յուլիս ամսուն։

«Հայութիւնս Հալէպի հետ հիւսուած է, առաջին քայլերս Հալէպի մէջ առած եմ։ Երբոր Հայաստան եկայ` լեզուի տարբերութիւնը գտայ , այո կար տարբերութիւն, բայց իբր արմատներ զիս քաշեց հողը»։ Սօնա ինքզինք լաւ կը զգար հայրենիքի մէջ , նոյնիսկ ունէր ներշնչման աղբիւր։ Անոր կը տպաւորէ  փողոցներու անունները, որոնք մեր գրողներու անուններով են, եւ կամ հայկական դրամին վրայի նկարները,  նոյնպէս մեր գրողներն ու երաժիշտները։

Ան կը պնդէ, որ մեր երկիրը արուեստներով լեցուն է, հետեւաբար բարձր ձայնով ներկայացուելու է։ Սօնա կը խօսի մաքուր Արեւմտահայերէնով` հակառակ , որ Ամերիկայի մէջ ան հայկական դպրոց չէ յաճախած։ Իր առաջին ուսուցիչը իր մայրը եղած է, կը պատմէ ան։ Սօնա  խոստովանեցաւ նաեւ, որ սիրահարուած է Արեւմտահայերէնին։

 «Կեանքը աս լեզուով ես սորվեցայ, ընտանիքի սէրը նոյնպէս այս լեզուով սորվեցայ»,- կ՛ըսէ նրբագեղ աղջիկը։ Հայրը մասնագիտւթեամբ բժիշկ եղած է եւ գործին բերումով աշխատած է գիւղերու մէջ, մինչեւ որ, օր մը կ՛որոշէ հայերուն  մօտիկ շրջանի մը մէջ ապրիլ Լոս Անճըլսի մէջ։

«Ամերիկայի մէջ դպրոցիս առաջին օրն էր, կը բանայի պատմութեան գիրքը եւ կը փնտռէի Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւն մը , որ չկար։ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ինծի պատմած էին հարազատներս Հալէպի մէջ։ Իսկ այստեղ գիրքիս մէջ այդ մասին բան չկար»։

Սօնա որոշած է ճշմարտութիւնը ինք պատմել բարձր ձայնով։ Ան կ՛աշխատի  Միշլին Ահարոնեանի «Երկինքէն Երեք Խնձոր Ինկաւ » գիրքի  պատմութեան հիման վրայ, գրել 100 տարուան պատմութիւնը, Ցեղասպանութեան հետ կապուած, հեռատեսիլի ֆիլմաշարի համար։ Սկիզբ առնելով առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումը։

Սօնայի մեծ հայրը՝ Պետրոս Գնաճեան, Հալէպի մօտիկ Ճապալ Արպաաին յայտնի ճաշարանի սեփականատէրն էր եւ այնտեղ մարդիկ կ՛երթային քապապ քարազ ուտելու։ Ան այս ճաշատեսակը ժառանգած էր մայրիկէն։ իսկ  Աբգար մեծ հօրմէն, որը պատմասաց էր եւ իր հետ բերած էր Ուրֆայէն  150 քարակէօզ-տիկնիկները։

«Սուրիա գացած էի գործով , անպատճառ Հալէպ ալ կ՛երթամ ու կը գտնեմ այդ տիկնիկները։ Սուրիոյ պատերազմէն ետք էր, Հալէպի տան մէջ բոլոր մեծերը արդէն չկային , ես մենութեան մէջ այդ խոշոր տան մէջ կը շարեմ տիկնիկները ու կը սկսիմ խօսիլ իրենց հետ։ Սա էր  Ուրֆայէն բերուած 150 տիկնիկներու փրկութիւնը»,- կը պատմէ արուեստագէտը։

Սօնային հարցուցի, թէ կը յորդորե՞ս հասակակիցներդ, ընկերներդ, որպէսզի գան եւ ապրին հայրենիքի մէջ,- Սօնա ոգեւութեամբ պատասխանեց,- Այո, անշուշտ, եթէ մենք երկիր կ՛ուզենք, ատիկա խօսքով չըլլար, քայլ առնելով, աշխատելով կըլլայ։

Ըստ Սօնայի, այս վերջին պատերազմը մէկ բան յստակեցուց, որ պէտք է մեր բոլոր ուժերը հաւաքենք եւ ի մի բերենք Հայաստանի մէջ, ան եզրափակեց ըսելով «Ոտքի ելէք հայեր, եթէ կ՛ուզէք, որ Հայաստանը ապրի եւ ապրեցնէ, ուրեմն պէտք է նուիրուինք»։

Կարդացեք նաև

Back to top button