ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 6, 2020

Գիշերը ռազմաճակատի բոլոր հիմնական ուղղութիւններուն մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր վարած են և թշնամական ուժերուն ռազմամեքենաներու ու մարդկային մեծաթիւ կորուստներ պատճառած արեւելեան, հարաւային ու հարաւ-արեւմտեան հատուածներուն վրայ:

Շուշիի ուղղութեամբ թշնամական գրոհային խումբերու բազմակի յարձակման փորձերը նոյնպես կասեցուած են: Հակառակորդը լուրջ կորուստներ կրած է նաեւ հարաւ-արեւմտեան՝ Բերձորի հատուածին: Ամբողջ օրուան ընթացքին հակառակորդը հրթիռա-հետանային հարուածներ հասցուցած է նաև Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ կան տուժածներ:

Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերուն կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին: Բանակային ստորաբաժանումները լիարժէք կերպով կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը և քայլեր կը ձեռնարկեն թշնամական ուժերուն յետագայ յայտնաբերման և կրակային խոցման ուղղութեամբ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ տեղորոշել եւ ոչնչացնել գրոհի պատրաստուող ատրպէյճանական ստորաբաժանումները։ Բերձորի յարակից անտառներուն մէջ հայկական կողմի գործողութիւններու շնորհիւ ոչնչացուած է շուրջ 10 միաւոր ռազմական մեքենայ, այդ շարքին նաեւ իսրայէլական Sandcat հետեւակի մեքենաներ։

Կարդացեք նաև

Back to top button