
Գեղանակարիչ Տիպար Աբարդեան,անդամ Փարիզի Սփիւռք DIASPORARTS հաւաքախումբին, Հայաստան ժամանեց երեք շաբաթ առաջ, արուեստի միջոցաւ իր օգնութիւնը բերելու Հայաստան ապաստանած Արցախի մանուկներուն հոգեդարմանումին:
«Իրավիճակով մտահոգուած էինք ,երբ լսեցինք, որ աշխատանոցներ կը վարեն տարբեր տեղերէ եկած սփիւռքահայեր։ Պէտք էր, որ գայի, հոն մնալս անիմաստ էր, երբ կրնամ օգտակար դառնլալ իրենց»,- ըսաւ արուեստագէտը։
Ան կը փորձէ արուեստի միջոցաւ թեթեւցնել պատերազմի պատկերները` վախի ու տագնապի մատնուած մանուկներուն մէջ: Ան կ՛ուզէ գոյներու միջոցաւ մանուկներու փափաքը արթնցնել, իրենց ապրումներն ու յոյսերը արտայայտելու:

Տիպար Աբարդեան Երեւանի մէջ կը միանայ Սեւանա Չագըրեանի աշխատանոցին, որոնք կ՛աշխատին Արցախի փոքրիկներուն հետ, նաեւ կը հանդիպի Նանոր Պալապանեանին, որոնք երաժշտութեամբ դարմանում կ՛իրականացնեն, ինչպէս նաեւ լեզուի եւ նկարչութեան ծրագիրներ՝ տունէն հեռացած Արցախի պատանիներուն։

«Փոքրիկները ընդհանրապէս կը նկարեն արբանեակներ, Արցախի բնութիւնը , զինուոր եւ եռագոյն»։
Տիպար ներկայ է նաեւ վիրաւոր զինուորներու կողքին, որոնք բուժուելու համար Երեւանի զինուորական հիւանդանոցը կը գտնուին: Իր արուեստաբուժումի ծրագիրով, Տիպարը կ՛օգնէ զինուորներուն վերագտնելու իրենց ուժերը գծագրութեան ճամբով, ստեղծելով դիմանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց հաւատքը յաղթանակի եւ յոյսը խաղաղութեան՝ այն վերջնական խաղաղութիւնը, որ ձեռք պիտի ձգեն իրենց արդար պայքարով:

Գեղանկարիչ Աբարդեանի վերջին գործերուն մէջ ակնյայտ են վառ գոյները, ան զօրաւոր երանգներով կ՛արտայայտէ մեր ժողովուրդի եռանդը, ուր վախը տեղ չունի հոն, եռանդ մը, ուր վայրագութիւն չկայ։ Անոր նկարները կը կրեն հետեւեալ վերնագիրները` «Յաղթելու ենք», «Հաւատքով ենք», «Վերակառուցելու ենք», «Մեր լեռներու պահապանները»․․.եւ այլն։

Կամաւոր արուեստագէտը հայութեան ներկայ վիճակը կը բաղդատէ 90-ական թուականներուն, երբ ինք ուսանող էր Երեւանի մէջ։
«Այսօր ալ նոյնն է իրավիճակը, բայց այսօր աւելի յոյսով եւ հաւատքով են մեր զինուորները»,- նկատել կու տայ ան։ Նաեւ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը յառաջիկային կազմակերպելու ցուցահանդէս մը, առանձին կամ խմբային, երբոր յարմար առիթը ըլլայ։
Տիպարին ծագումը կը բացատրէ իր մատուցած աշխատանքը: Ծնունդով Հալէպցի, ան ազդուած է Սուրիոյ պատերազմի պատկերներէն, որ տասնեակ մը տարիներու ընթացքին քանդեց քաղաքներ, քանդեց կեանքեր այն երկրին մէջ, ուր հազարաւոր վերապրող հայեր ապաստան գտան 1915-ի ջարդէն ետք:

Տիպար որոշեց երկարաձգել իր կեցութիւնը Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ան գիտակից է պատահած աղէտին հետքերուն ներկայ երիտասարդութեան վրայ մտածելով, որ գուցէ իր ներդրումով կը կատարէ իր պարտքը հանդէպ հայրենիքին։




