ԿարևորՀասարակություն

Նուէր՝ Ռատիոյի արխիւին «Անոյշ» օփերան անգլերէնով․ բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեանի կողմէ

2016-ին բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեան կը վերադառնայ Հայաստան եւ կ՛աշխատակցի Համազգայինի Սօս Սարգսեան անուան  եւ Մալեան թատերախումբերուն  հետ որպէս բեմադրիչ։

Ան հիմա համավարակի այս օրերուն բացօթեայ ներկայացումներ կը պատրաստէ զոյգ թատրոններուն համար։

Բեմադրիչ Փափազեան այցելեց Հանրային Ռատիօ եւ իր հետ բերաւ թանկարժէք նուէր մը, 1981-ին Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգին մէջ  խաղարկուած «Անոյշ» օփերայի անգլերէն լեզուով ժապաւէնը, որ առաջին կատարումն է անգլերէնով եւ արհեստավարժ երգիչներով, բերած է իր հետ որպէս նուէր՝ Հանրային Ռատիոյի արխիւին։

«Մեծ յոյս ունիմ, որ լսել տանք  Հանրային Ռատիոյէն,  պատմական մեծ նշանակութիւն ունի այդ,  որ Հայաստանի սահմնաններէն դուրս փրոֆեսիոնալ ձեւով ներկայացուեցաւ Միշիկընի մէջ»:

«Սա երեւոյթ է, մեր մշակոյթին մէջ ունենալ Անուշ օփերան եւ այն վերարտադրել»,-  ըսաւ Հանրային Ռատիոյի արխիւի տնօրէն Արթիւր Իսփիրեանը։

Մեր հիւրը Հայրենիքի մէջ իր կեցութեան ընթացքին  առաջարկ ընդունած է թատերական 4-րդ կուրսի ուղանողներուն հետ աշխատելու եւ տարեվերջին անոնց հետ ներկայացում մը պատրաստելու Արեւմտահայերէնով։

Բեմադրիչը նաեւ պատմեց իր պատրաստած ներկայացումներու մասին հայրենիքի մէջ, նախ «Արի Երազենք» թատրոնը, ապա Նարա Մալեանի առաջարկով Արեւմտահայերէն Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն Արեւելեան»-ը։

«Այնքան լաւ իւրացուցին Արեւմտահայերէնը, որ շատեր հարցուցին, թէ դերասանները ասոնք ամէնքն ալ հայաստանցի՞ են, սուրիացի մուրիացի չե՞ն․․»,- գոհունակութեամբ  պատմեց բեմադրիչը։

Ան «Կարինէ»-ն ներկայացուցած է Փարիզի մէջ ֆրանսերէնով ու ամբողջական օփերան առանց կրճատումներու․ «Միայն մէկ անձ կար ստախօս, որ ինքզինք կը ծախէր որպէս երգիչ, այդ ալ ես էի, որ կատարեցի Հոր Հոր աղայի դերը»։

Այս օրերուն, երբ թագաժահրի համավարակը ծայր առած է, Փափազեան կը պատրաստէ բացօթեայ ուրախ, թեթեւ ներկայացումներ, ոչ մեծ թիւով,  որը նախատեսուած է 2020-ի Հոկտեմբերին սկիզբը։

Նորա Արմանիին՝  իր նախկին կնոջ, հետ պատրաստած հայկական բանաստեղծութիւնները անգլերէն լեզուով ներկայացումը  օտար հանդիսատեսին համար, բեմադրիչը կը մտածէ նոյնպէս բերել  ձայնագրութիւնը եւ նուիրել։ Ան կը խօսի ու կը մտածէ իր ունեցած արխիւի մասին, որոնք կրնայ բերել Հայաստան եւ նուիրել զանոնք, համաձայն այն կարծիքին, որ ամէնէն ապահով տեղը պահպանելու մեր արխիւը Հայաստանն է։

Ան նաեւ յիշեց տարիներ առաջ իր բեմադրած «Ատամնաբոյժն Արեւելեան»-ը ֆրանսերէնով․ «Անոր տեսերիզն ալ կրնամ բերել ու նուիրել»,-ըսաւ բեմադրիչը։

Ժիրայր Փափազեան տարուած իր յիշողութիւններով գնաց անցեալ ու վերյիշեց իր աւարտական ներկայացումը 1976-ին Ճորճ Պեռնարտ Շոյի «Ընտրեալը»։ «Ատիկա բացառիկ բան մըն է, Ռատիօ բեմադրութիւն կ՛ըլլայ Կուժ Մանուկեանի եւ Վիոլեթայի ձայներով։ Այդ ալ կը բերեմ Ռատիոյին »,-ըսաւ ժպտուն եւ բարի արուեստագէտը, մեր բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը։

Արեւմտահայ բեմադրիչը ճիշդ է, որ ծնած ապրած էր սփիւռքի մէջ Ֆրանսա, Ամերիկա , բայց այստեղ հարազատ կը զգայ․ «Երեւանի կեդրոնը շատ հաճելի վայր մը դարձած է ու կը նմանի Փարիզին»,- եզրափակեց Փափազեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button