ԿարևորՀասարակություն

Մեր ուղարկած սարքերով զինուորը կրնայ պահել արիւնահոսութիւնը․ Ռազմիկ Արզումանեան

Օգնութիւն  մեր զօրքերը պաշտպանելու, մարտերու ընթացքին  զինուորի կեանքը փրկելու և մեր վիրաւոր մարտիկները վերականգնելու: Մենք բարեգործական կազմակերպութիւն ենք և միացած ենք պայքարին: Մեր կամաւորական  խումբը Ամերիկայի  և Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնէ բարդ, ազդեցիկ ծրագիրներ. Առաջին օգնութեան համակարգեր և պարագաներ:

Յառաջադէմ բժշկական օգնութիւն, առողջութեան, սնունդի և բարոյահոգեբանական աջակցութիւն: Վերոնշեալ առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ Armenian Wounded Heroes Fund –ը, որուն համահիմնադիրներէն է՝ մեր բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը Ռազմիկ Արզումանեան։

Յուլիս 14-ին Հայաստան առաքուեցաւ բուժ օգնութեան պարագաներ  հայոց բանակի մեր զինուորներուն, հայ-ատրպէյճանական իրադարձութիւններու օրերուն։

«Բանակ պահելը միայն զէնք զինամթերք չէ , այլ առողջապահական, սնունդի եւ ապրելակերպի  խնդիրներ են , զորոնք  օժանդակելով բանակի մակարդակը կը բարձրացնենք»,-ըսաւ զրուցակիցս։

Ան յայտնեց որ ընդհանուր մեծ յառաջդիմութիւն եղած է վերջին 1,5 տարուան ընթացքին , իսկ թէ ինչ կարիքներ կան ամբողջացնելու համար ան աւելցուց ․ « Առաջին բուժ օգնութեան հարցը պէտք է ամբողջանայ, երկրորդ զինուորի ապրելակերպը պէտք է բարելաւուի ․ հոսանք ջուր պայմաններ ըլլան մշտական ձեւով։»

Մարդասիրական ուղղութեամբ սփիւռքը կարեւոր դեր կրնայ ունենալ այս գործին մէջ, 2016-ին քառօրեայ պատերազմի օրերուն քանի մը գործընկերներով որոշած են հիմնել հայոց բանակին օգնելու Armenian Wounded Heroes Fund –ը, որուն նպատակն է զարգացնել առաջին բուժ օգնութեան համակարգը մեր բանակին մէջ։

«Վթարի պարագային մեր ուղարկած սարքերով զինուորը կրնայ պահել արիւնահոսութիւնը աւելի երկար ժամանակ մինչեւ շտապին հասնիլը․ սա նոր մօտեցումն է Ամերիկայի բանակին մէջ , մենք նոյնը եկանք մատակարարելու Արցախի պաշտպանական ուժերուն եւ անցանք Հայաստանի սահմաններուն »։

Մեր զրոյցին մէջ Ռազմիկ Արզումանեանը ընդգծեց,  որ իրենք  սերտօրէն կը համագործակցին  ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ։ Նախարարութիւնը ընդունած է նաեւ հնարաւորութիւն տալ դիտարկում կատարելու սահմանային վիճակին , սարքաւորումներու բաշխման գործին եւ թէ որքանով կը կիրառուին տուեալ սարքերը ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համատեղ եւ միասնական աշխատանքի համար, որուն արդիւնքով հայկական զինուած ուժերը հասած են ակնյայտ յառաջդիմութեան։

«Ցաւալի է , որ խաղաղութիւնը կը խախտուի անգամ մը եւս հայ ատրպէյճանական սահմանին   եւ մենք ունեցանք զոհեր, բայց լաւ կողմը այն էր , որ ականատես եղանք հայկական բանակի զինուածութեան եւ պատրաստուածութեան։ Մեր սեփական ձեռքերով պատրաստուած անօդաչու թռչող սարքերը հսկայական նուաճում արձանագրեցին»։

Մեր հիւրը ակնարկեց Նաեւ մեր նախարարութեան այն մօտեցումը թէ․ «Եթէ նոր պատերազմ ըլլայ նոր տարածք կ՛ազատագրենք․ սա միակ ձեւն է թուրքերուն եւ ազերիներուն հետ խօսելու աւելի ուժեղ դիրքէ»․ ատիկա  ոգեւորած է ամբողջ հայութիւնը, ըսաւ Ռազմիկ Արզումանեան։

Մեր ուժով մեր պատրաստուածութեամբ կը նուազեցնենք հակառակորդի մօտեցումները, ինչքան աւելի պատրաստուած ըլլանք այդքան աւելի խաղաղ կ՛ապրինք,-ըսաւ հայրենասէր քաջարի հիւրը եւ խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով համախմբուելու եւ օգնելու հայոց բանակին:

«Բոլորս շնորհակալ ըլլանք մեր զինուորին»։

Կարդացեք նաև

Back to top button