
Օգոստոս 4-ին Պէյրութի մէջ եղած պայթումը վայրկեանի մը մէջ Պէյրութը դարձուց անճանաչելի, ոմանք եղածը որակեցին Մերձաւոր Արեւելքի Սեպտեմբեր 11, ոմանք ալ Հիրոշիմայի նմանցուցին։ Վնասները մեծ են․ կան զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։
Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը Լիբանան ծնած մուսալեռցի ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեանն է, որ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է, ունի լաւ գրիչ եւ յայտնի է իր զուարթախոհութեամբ։
«Լիբանան շատ ծանր, անսպասելի հարուած մը ստացաւ, երկրին մէջ առկայ տնտեսական կացութեան վրայ աւելցաւ, նախ մտածեցինք, որ Իսրայէլեան օդուժի ռմբակոծման պատճառ է, սակայն աւելի գէշ իրողութիւն մըն էր իմանալ՝ ղեկավար պատասխանատուներուն անհոգութիւնը, անփութութիւնը։ Պայթումը շատ մօտ էր Պէյրութի հայահոծ շրջաններուն, լիբանանահայութեան գործատեղիները այնտեղ են»,-ըսաւ Խաժակ։
Մեր զրուցակիցը դիմատետրի իր էջին կը գրէր․ հիմա ողբերգութեան ամենազզուելի հանգրուանն է, լիբանանի վերնախաւի անդամները սկսան միջազգային հետաքննութիւն պահանջել պատահածին համար, որովհետեւ չեն վստահիր տեղական դատական համակարգին․․․։
«Ժողովուրդի համբերութեան բաժակը շատոնց արդէն լեցուած էր, լիբանանի մէջ ծայր առած էր ժողովրդային պոռթկումներ, տագնապի հիմնական պատճառը երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող փտածութիւնն է»,- ան կ՛աւելցնէ, թէ Լիբանանի փտածութիւնը գաղտնիք չէ։

Հայաստանի կառավարութիւնը երեք օդանաւ օգնութիւն ուղարկեց Լիբանան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարը մեկնեցաւ Պէյրութ, տեղւոյն վրայ հաւաքագրելու տեղեկութիւնները։
Խաժակ Այնթապեան իր գրութիւններուն մէջ յաճախ կ՛արծարծէ ազգային համահայկական ծրագիրի մը բացակայութեան մասին, կը քննադատէ հայրենիք-սփիւռք կապերը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի հետ։ Ան օրինակ տուաւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութիւնը, որոնք իրենց միջոցներով եկան Հայաստան եւ ոչ բոլորը մնացին Հայաստանի մէջ։ Անոր կարծիքով` այս հարցին մէջ թերի են սփիւռքի կուսակցութիւնները եւ բոլոր ուժերը, հիմնական պատճառը տարակարծութիւններն են ։
Տեղ մը Խաժակ կը գրէ․«Կարեւորը հայրենասէր եղէք, հայոց բանակը պահեցէք ու անոր յաղթական երթին ճամբայ բացէք, որպէսզի հայ մանուկին երազանքը իրական դառնայ ու երբ մեծնայ անպայման ան զինուոր դառնայ»։ Ըստ Խաժակի մեր ամենամեծ ուժը հայրենասիրութիւնն է. «Մեր հայրենասիրութիւնը կը հասնի այն աստիճանի, որ երբ մեր երկիրը վտանգի առաջ գտնուի, մեր բոլոր տարակարծութիւնները կը կանգնին»։
Մենք հայերս ունինք վատագոյն թշնամին, որ թուրքն ու ատրպէյճանցին է ու մինչեւ հիմա նոյն ձեւով եւ նոյն ոճով ինչպէս 100 տարի առաջ էր կը փորձէ ինքզինքը հաստատել Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, այսպիսի թշնամիի մը դիմադրելու համար միակ միջոցը ռազմական միջոցն է, որ կը նշանակէ Հայոց բանակ, մեր բոլոր ճիգերը ի գործ պէտք է դրուին սատարելով հայոց բանակին։
Խաժակ Այնթապեան վերջերս արժանացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան «Խօսք Առ» մրցանակին, ան կը գրէ քննադատական պատմուածքներ, երգիծական ոճով կը քննադատէ ազգային վերնախաւի թերութիւնները, անոր մաղթանքը եղաւ միասնականութեան կոչ ուղղել հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն. արեւելահայութեան եւ արեւմտահայութեան մէջ անխտիր։




