
Նորք Մարաշի մէջ գտնուող Նայիրի հիւրանոցին մէջ երկու ամիս կամաւոր ծառայութենէ ետք բժիշկ՝ Յովսէփ Գրիգորեան դուրս կուգայ հիւրանոցէն, մուտքին դիմաւորելու եկած էին բժիշկի հայրն ու մայրը։
Բժիշկը ուսանած է Հալէպի պետական բժշկական համալսարանը, ապա տեղափոխուած է Երևան Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմի պատճառով։ Ան կը պատմէ, որ Փետրուար 29-ին, երբ համավարակը սկսած էր խումբ մը բժիշկներով փիլիսոփայութեան դասախօսի առ ցանց քննարկման ներկայ կը գտնուին, որուն նիւթը՝ Ալպեր Քամիւիի «Ժանտախտը» գործն էր, ուր կը նկարագրուէր թէ ինչպէս ժողովուրդ մը կը վարուի համավարակին դէմ, որ սկիզբը մարդիկ եսասէր կը դառնան, բայց յետոյ կը հասկնան, որ այսպիսի պարագաներուն միակ լաւ ելքը խմբային համերաշխութիւնն է։
«Մենք ընկերներով որոշեցինք, որպէսզի մենք ալ կամաւոր երթանք աշխատինք այսպիսի մեկուսարաններուն մէջ մասնագիտական օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Անմիջապէս առողջապահութեան նախարարութեան յայտ ներկայցուցինք և միացանք»։
Ըստ անոր ամէնէն դժուարը այն էր, որ մարդիկ հեգնանքով կը մօտենային հարցին ըսելով թէ ժահրը գոյութիւն չունի, սուտ բան է եւ ամբողջը դաւադրութիւն է։

«Այս մօտեցումը հիւանդանոցին մէջ աւելի կը բարդացնէր իրավիճակը, մեր գործն էր հաւասարակշռութիւն գտնել մէկ մասին թեթևցնել ով մտահոգութիւնները միւս մասին ալ փորձել համոզելով , որ այսպիսի հիւանդութիւնը իսկապէս գոյութիւն ունի»։
Բժիշկը Հանրային Ռատիոյէն պատեհ առիթ համարելով կը յորդորէ ժողովուրդին , գործադրելու պարետատան կանոնները, «Դիւրին բան է դիմակ կրելը , ձեռնոց Կրելը և ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելը։Այս պարագային մենք կ՛ըլլանք պաշտպանուած համավարակէն, այս սուր լարուած վիճակը կը սկսի թեթեւնալ»։
Բժիշկը կը վստահեցնէ , որ առողջապահութեան նախարարութիւնը 24 ժամեայ 7 օրեայ տքնաջան աշխատանքով կը փորձէ յաղթահարել համաճարակը, «Նոյնիսկ այսքան ծանրաբեռնուածութեան պայմաններուն մէջ մեզի զանգեցին, որպէսզի երթանք նախարարութենէն խրախուսական գիրեր ստանանք» ։
Նուիրեալ Բժիշկը շնորհակալութեամբ յորդորեց, որ բոլորս ունենանք գիտակից մօտեցում տուեալ հիւանդութեան դէմ եւ բոլորս միահամուռ յաղթահարենք այս համաճարակը։




