ԿարևորՀասարակություն

«Հայը պէտք է ապրի Հայաստանի մէջ»․ ոսկորաբոյժ Հրանդ Աշճեանի համոզմունքն է

«Բոլոր Քորոնայով հիւանդները բացառուած չէ, որ ունենան ոսկորային խնդիրներ, կրնայ վնասուածք առաջանալ առանց նախատեսելու , այստեղ օգնութիւնը նոյնն է, կ՛աւելնայ զգուշաւորութիւնը»,-ըսաւ Հանրային Ռատիոյի հիւրը՝ Վարդանանց բժշկական կեդրոնի ոսկորային վիրաբուժական բաժնի պետ տոքթ․ Հրանդ Աշճեանը։ Ան Հալէպէն ընդունուած էր Երեւան ուսանելու բժշկական պետական համալսարանին մէջ և աւարտելէն ետք որոշեց հաստատուիլ հայրենիքի մէջ ։

Այդ օրերուն դժուար էին պայմանները Հայաստանի համեմատաբար Սուրիոյ, սակայն ոմանք որոշած էին չվերադառնալ իրենց ծննդավայրը եւ կայք հաստատել Երեւանի մէջ, այդ խումբին կը պատկանէր ոսկորաբոյժ Հրանդ Աշճեանը։ Ըստ անոր․ «Երբ Հայաստանը անկախ էր, որոշումն արդէն միանշանակ էր ՝ մնալ Հայաստանի մէջ»։

«Եթէ հիւանդները շտապ չեն, թարմ վնասուածք չէ , հին քրոնիկ հիւանդութիւնը պէտք է յետաձգել, կատարել միայն շտապ անյետաձգելի դէպքերը»,-ըսաւ բժիշկը այս օրերուն համար, երբ երկիրը կը տառապի Քորոնայի համավարակէն։ «Մեր երկրին մէջ վերջին տարիներուն յաճախակի ստուգումները , հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ կայ պակասը D կենսանիւթի, որուն կը հետեւի քալսիումի պակասը։ Որովհետեւ D-ն է , որ Քալսիումը կ՛ամրացնէ ոսկորային հիւսուածքներուն մէջ, ուրեմն այդ խնդիրը կայ բնակչութեան մէջ»,– բացատրեց բժիշկը։

«Vitamin D-ն կը ստանանք արեւի ճառագայթներէն, անշուշտ մեղմ արեւը, նաեւ սննդականոնին մէջ կանաչեղէնը կարեւոր է. կանաչ սոխը, սպանախը, բանջարը, D կենսանիւթը ստանալու համար։ Իսկ քալսիումը ոսկորի և արեան հետազօտութեան արդիւնքով, եթէ կայ ոսկորի փափկացում , ապա քալսիումը պէտք է առնել ճիշդ ցուցակով, որովհետեւ ցանկացած դեղօրայք կրնայ ունենալ կողմնակի վնասներ, քալսուիմով շատ հարուստ է կաթնամթերքը եւ քնջոյթը»։

Բժշկի կարծիքով՝ քորոնայի հետ կապուած խուճապի կարիք չկայ, զգուշանալ  է պետք եւ հետեւիլ պաշտպանական միջոցներուն , շուտով աշխարհը պիտի համակերպի այդ միտքին հետ ։ Ան 27 տարի աշխատած է Երեւանի վնասուածքաբանական գիտական կեդրոնին մէջ։ Անոր կարծիքով ցանկացած խնդիրի ատեն դիմել բժիշկին ճիշդ մասնագիտական խորհուրդներ ստանալու համար։ Նախկին հալէպահայ բժիշկը կը գտնէ, որ երջանկութիւնը միշտ համոզմունքի մէջ է․ ան դեռ դպրոցական տարիներէն համոզուած եղած է , որ հայը պիտի ապրի Հայաստանի մէջ։

Կարդացեք նաև

Back to top button