
Պոլսոյ Հրանդ Տինք հիմնարկի շէնքին մէջ ենք: Զրուցակիցս է՝ Նորայր Օլկար: Փոյլ մը երիտասարդներ կը շարունակեն Հրանդ Տինքի պայքարը: Հիմնարկը ծրագիրներ կը մշակէ: Ստեցծած են Հրանդ Տինք կայքի ցանցը, որն ունի իր հազարաւոր հետևորդները աշխարհի տարբեր երկիրներէն: Անոնց ծրագիրն է՝ մշակութային նիւթերը, յիշողութեան և պատմութեան նիւթերը , հրատարակել կայքին վրայ:
Նպատակները՝ միևնոյն Հրանդ Տինքի նպատակներն իրականցնելն է Թուրքիոյ մէջ. Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացուիլը , ատելութեան վերջ տալը, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատուիլը:

Նորայր այսպիսի նիւթերը չի թաքցներ զրուցելէն նոյնիսկ իր թուրք ընկերներուն հետ և չի մտածեր այնտեղէն դուրս գալու մասին: Ան լաւատես է և կ՛աշխատի լաւը մտածելով շարունակել Հրանդ Տինքի երթը:

«Կրնայ ըլլալ որ ուրիշ երկիրներ աւելի ժողովրդավար ըլլան, բայց մենք կ՛ուզենք աստեղ իրարու հետ լաւ ապրիլ»,-ըսաւ երիտասարդը:
Ան տեղեկացուց , որ հիմնարկին մէջ ամենօրեայ դասընթացքներ կազմակերպած են արևմտահայերէնի ուսուցման համար:
Հրանդ Տինքի պայքարը այսօր կը շարունակեն փոյլ մը շնորհալի երիտասարդները Պոլսոյ մէջ:




