
Անի Զէյթունցեան
«Ռատիօ լուր»
«Թալիշի դիրքերուն վրայ» երգով սկսաւ մեր հարցազրոյցը «Ռատիօ լուր»–ի տաղավարին մէջ լիբանանահայ սոփրանօ երգչուհի Շողիկ Թորոսեանի հետ։ Այս երգն էր դրդապատճառը , որպէսզի Շողիկ մենահամերգով հանդէս գայ Արախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքը օգոստոս 13, 2019-ին ։

«2017-ին Արցախի ազատագրական պայքարը կը նշէինք Լիբանանի մէջ , որուն ներկայ էր Արցախէն հրապարակախօս Միքայէլ Հաճեանը, որ կորսնցուցած էր իր զաւակը պատերազմին ․․․Այդ առթիւ գրած էր այս երգի բառերը: Ան առաջարկեց, որ անձամբ ես կատարեմ աս երգը, իսկ երաժշտութիւնը յօրինեց լիբանանահայ Վահրամ Էմիեան», — այսպէս կը սկսի Շողիկի կապը Արցախի հետ, և ան կը ստանայ հրաւէրը Արցախի մշակոյթի նախարաութենէն:

Շողիկ բոլոր բեմերուն կը մօտենայ պատասխանատուութեամբ, անոր համար բեմը սուրբ վայր է, բայց հայրենիքի մէջ հանդիսատեսը աւելի խիստ է, չի խնայեր , որուն համար Շողիկ ուրախ կը զգայ:
Ան կաշխատակցի հայրենի երաժիշտներուն հետ, ինչպէս Գէորգ Մանասեանի, Էտգար Գեանջումեանի և Սասուն Պասկևիչեանի հետ։ Ան իր երգացանկին մէջ ունի կատարումներ տարբեր հեղինակներէն, յատկապէս Կոմիտասէն:

Էտգար Գեանջումեանի «Երազ» երգը լսելէ ետք ես հարցուցի, թէ ինչ է Շողիկի երազը: Ան պատասխանեց, որ իր ամէնէն մեծ երազը «Անուշ» օփերայի կատարումն է հայրենիքի մէջ: Իսկ իր նոր ծրագիրներու մասին «Կաթիլ Մը Արցունք» երգի մասին՝ բառերը Աշոտ Բագրատունիի և երաժիշտ Սասուն Պասկևիչեանի , ան յայտնեց առաջին անգամ:
Շողիկի համար հայրենիքը երազ մըն էր. «Թէպէտ յաճախ կուգանք, արդէն չի վերադարձած՝ կը կարօտնանք , մեր երազը այստեղ հաստատուիլն է»: Անոր մաղթանքն է, որ մեր երկիրը աւելի ծաղկի:
Զրուցակիցս Կիլիլիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» և Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբերուն գլխաւոր մենակատարն է։ Շողիկի քնքոյշ դէմքին և թովիչ ձայնին հետ միատեղ կար աչքերուն մէջ երազի փայլքը , երբ մանաւանդ կը հնչէին Արցախ և հայրենիք բառերը:




