
Անի Զէյթունցեան
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 15 Ապրիլին կը տօնէ հիմնադրութեան 117-ամեակը ինչպես Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ սփիւռքի : Հ․Բ․Ը․Միութիւնը հիմնադրուած է 1906 թուականին Գահիրէի մէջ՝ բարձր հեղինակութիւն եւ տեսլական ունեցող առաջնորդներու եւ ականաւոր ազգային գործիչներու կողմէն:
Այսօր Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը ունի իր ներկայութիւնը աշխարհի 40 երկիրներու աւելի քան 70 քաղաքներուն մէջ: Իր կրթական, մշակութային, մարդասիրական ու ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներու միջոցով կը պահպանէ եւ կը զարգացնէ հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը՝ իւրաքանչիւր տարի ազդեցութիւն ունենալով աշխարհով մէկ սփռուած շուրջ 500,000 հայերու կեանքին վրայ:
Աւելի քան մէկ դար Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը ծանրակշիռ ներկայութիւն ունեցած է աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու մէջ, յարափոփոխ իրականութեան պայմաններուն մէջ շարունակած է բացայայտել եւ արձագանգել բազմազան կարիքներուն: Շնորհիւ համայն հայութեան մէջ իր եզակի դիրքին՝ կրցած է ներգրաւել Սփիւռքը որպէս փորձառութեան ու համագործակցութեան աղբիւր:




